Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մարեմեան Աղօթք. Քահանայապետի մօտիկութիւնը Կեդրոնական Ափրիկէի եւ Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան։

Այսօրուայ աւետարանին մէջ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ ժողովուրդներուն պատմութիւնը ունի նպատակակէտ մը՝ այն է Տիրոջ հետ վերջնական հանդիպումը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ աղքատներու համաշխարհային օրուան առթիւ  մատուցած  սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը  քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն  ուր Յիսուս կը բացայայտէ թէ մօտ է երկինքի արքայութիւնը ու հրաւէր կ՛ուղղէ միշտ պատրաստ գտնուելու։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ աւետարանին մէջ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ ժողովուրդներուն պատմութիւնը  ունի նպատակակէտ մը՝ այն է Տիրոջ հետ վերջնական հանդիպումը։ Ժամն ու օրը չենք գիտեր սակայն գիտենք թէ այդ օր պիտի դատուինք այն իրողութեան համաձայն՝ թէ Աստուծոյ խօսքը ունկնդրած ու գործադրած ենք թէ ոչ։ «Այդ պահը Աստուծոյ սիրոյն  մեր վերջնական յանձնումի պահն է ու մեր Անոր ողորմութեան վստահելու պահը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ոչ մէկը կարող է խուսափիլ այդ պահէն  ու թէ այդ օր մեր հետ պիտի տանինք միայն այն ինչ որ կարողացանք իրագործել մեր կեանքին մէջ՝ հաւատալով ու հետեւելով Տիրոջ Խօսքին։

«Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը՝ որպէսզի մեզ կոչէ մեր պատասխանատուութեան, ըլլայ մենք մեր անձին, ըլլայ մերձաւորին, ըլլայ համայն աշխարհին նկատմամբ» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ արտասանեց   կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջունելով հաւատացեալները մատնանշեց այսօր նշուող աղքատներու համաշխարհային Բ օրուան ու դիտել տուաւ թէ քիչ ետք Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կէսօրուան ճաշը պիտի բաժնեկցի չքաւորներուն հետ։

Նման ձեռնարկներ կազմակերպուած են աշխարհի զանազան թեմերուն մէջ արտայայտելու համար Քրիստոնէական հասարակութեան մօտիկութիւնը՝ անոնց որոնք կ՛ապրին աղքատ իրավիճակի մէջ»« ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «այս օրը կ՛ուզէ հանդիսանալ նշան յոյսի եւ խթան որպէսզի ընկերութեան մէջ  դառնանք ողորմութեան գործիքներ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց  ապա  Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ երկու օրեր առաջ տեղի ունեցած սպանդին որուն ընթացքին սպաննուեցան նաեւ երկու քահանաներ։ «Աղօթենք մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար»  ըսաւ Սրբազան Հայրը «որպէսզի դադրին ամէն տեսակ բռնութիւնները այդ սիրեցեալ Երկրին մէջ որ այնքան կարիքն ունի խաղաղութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յատուկ աղօթք բարձրացուց նաեւ Քալիֆորնիան հարուածող հրդեհի ու Միացեալ նահանգները հարուածով  սառոյցի զոհերուն համար, Տիրոջմէ հայցելով որ իր արքայութեան մէջ ընդունի ննջեցեալները,  մխիթարէ անոնց ընտանիքներն ու թիկունք կանգնի փրկարար մարմիններուն։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու խումբերուն ու բոլորին բարի կիրակի մաղթելէ ետք խնդրեց  որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2018, 12:26