Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 4 նոյեմբերի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը «Սիրել Աստուած ու ընկերը»։

«Աստուած որ է Սէր՝ մեզ ստեղծեց սիրոյ համար, որպէսզի մենք եւս սիրենք ուրիշները ու Անոր հետ մնանք միութեան մէջ։ Պատրանք է արդարեւ սիրել մերձաւորը ու չի սիրել զԱստուած ու պատրանք է նաեւ հակառակը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին,  աւանդութեան համաձայն, ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, հիմնուելով Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցումին վրայ որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 12, 28 – 34)։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Քահանայապետը, Սիրոյ պատուիրանը՝ սիրել Աստուած ու մերձաւորը, կեդրոնն է այս կիրակի օրուայ Աւետարանին։

Դպիր մը հարց կու տայ Յիսուսին թէ ո՞րն է առաջին պատուիրակը։ Յիսուս անոր կը պատասխանէ «Առաջին պատուիրանը հետեւեալն է. Լսէ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է եւ պիտի սիրես զինք բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, բոլոր մտքովդ եւ բոլոր կարողութեամբդ»։  Յիսուս ապա կ՛աւելցնէ ահաւասիկ նաեւ երկրորդը «Սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»։ 

«Այս խօսքերով Յիսուս մէկ անգամ ընդմիշտ սորվեցուց թէ Աստուծոյ նկատմամբ սէրը ու սէրը մերձաւորին հանդէպ կարելի չէ բաժնել իրարմէ, ընդհակառակը, անոնք մէկը միւսին թիկունք կը կանգնին փոխադարձաբար։ Անոնք կը ներկայացնեն մեդալի մը երկու երեսները, որոնք միասին ապրուելով կը դառնան հաւատացեալին իսկական ուժը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ «Մեր Աստուածը առանց վերապահումի նուիրում է, առանց սահմանի ներում է, ան յարաբերութիւն է՝ որ կը խթանէ ու կ՛աճեցնէ»։

«Աստուած սիրել կը նշանակէ  ամէն օր անձնական ուժականութիւնը  ներդրել դառնալու համար անոր համագործակիցները, անվերապահ կերպով ծառայելու համար մերձաւորին, ջանալով ներել առանց սահմանի ու մշակել հաղորդութեան ու եղբայրութեան յարաբերութիւններ» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «եթէ մենք վարժուինք նայիլ Յիսուսին հայեացքով, մենք մեզ ունկնդրութեան մէջ կը դնենք ու մօտիկ կ՛ըլլանք անոր որ կարիքաւոր է»։

Մերձաւորին կարիքները պէտք ունին գործնական պատասխաններու ու կը պահանջեն բաժնեկցութիւն - ըսաւ ապա Քահանայապետը նկատել տալով թէ «անօթին պէտք չունի միայն ապրուի տաք պնակի մը, ան պէտք ունի նաեւ ժպիտի մը՝ որպէսզի ինքզինք ընկալուած զգայ, ապա պէտք ունի աղօթքի։ Աւետարանը  մեզ կը հրաւիրէ ձգտելու մեր աղքատ եղբայրներու կարիքներուն հոգ տանելու ու անոնց ցուցաբերելու մօտիկութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտելով յատկապէս մերձեցումի  կարեւորութիւնը ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով «Աստուած որ է Սէր՝ մեզ ստեղծեց սիրոյ համար, որպէսզի մենք եւս սիրենք ուրիշները ու Անոր հետ մնանք միութեան մէջ։  Պատրանք է արդարեւ սիրել մերձաւորը ու չի սիրել զԱստուած ու պատրանք է նաեւ հակառակը» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը՝ որպէսզի մեզ օգնէ առօրեայ կեանքին մէջ ընկալելու եւ վկայելու աւետարանի սոյն  լուսաւոր ուսուցումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2018, 12:06