Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Ամենայն Սրբոց տօնին Մարեմեան Աղօթքը։

«Ուրախացէք եւ ցնծացէք, որովհետեւ մեծ պիտի ըլլայ ձեր վարձատրութիւնը երկինքի մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի նոյեմբեր մէկին՝ Լատինաց Եկեղեցին կը տօնէ Ամենայն Սրբոց  տօնը։ Տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աշխատանքային գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեամբ  մեկնաբանեց տօնակատարութեան իմաստը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբերը երկինքի մէջ կը փառաբանեն Աստուած

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս ու բարի տօն բոլորիդ, ըսաւ Սրբազան Հայրը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու մեկնաբանեց Յայտնութեան գիրգէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր առաքեալը կը խօսի «անթիւ բազմութեան» մը մասին «բոլոր ազգերէն, ժողովուրդներէն եւ լեզուներէն» (Յայտնութեան 7, 9։  «Անոնք սուրբերն են» ըսաւ Քահանայապետը ու հարց տուաւ. «ի՞նչ կ՛ընեն վերը» ապա պատասխանեց. «Կ՛երգեն, ու կը փառաբանեն Աստուած՝ ուրախութեամբ»։ Այդ նոյն տաղը որ կ՛ունկնդրենք սուրբ զոհի ընթացքին երբ կ՛երգենք «Սուրբ Սուրբը», որով ոչ միայն սուրբերուն կը մտածենք այլ անոնց հետ կը միանանք, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ սուրբերը միայն ճանչցուած սուրբերը չեն, այլ կան նաեւ անծանօթ բազմաթիւ սուրբեր, որոնք վերէն մեզի համար կը բարեխօսեն ու կը սպասեն մեր ժամանումին, մեզ երկինք կանխող մեր սիրելիները, բարեկամները, ազգականները, որոնք մեզ կը սիրեն ու մեզի կ՛ուղղեն հրաւէրը ապրելու երջանկութիւնը, որուն մասին կ՛ակնարկէ այսօրուան աւետարանը «Երանի հոգիով աղքատներուն, երանի հեզերուն, երանի սրտով մաքուրներուն. (Մատթ 5, 3-8)։

Աւետարանի Երանութիւնները՝ Սրբութեան ճանապարհ։

«Աւետարանը կը հաստատէ՝ երանի աղքատներն, մինչ աշխարհը կը բացագանչէ երանի հարուստներուն։ Աւետարանը կ՛ըսէ երանի հեզերուն ու աշխարհը երանի կը կարդայ հզօրներուն։ Աւետարանը կ՛ըսէ երանի մաքուրներուն ու աշխարհը կը գովէ խորամանկները» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հաստատեց «Այս երանութիւններու ճանապարհը, սրբութեան ճանապարհը կարծես պարտութեան կը տանի,սակայն Յայտնութեան գիրգը կը նշէ թէ Սուրբերը իրենց ձեռքերուն մէջ ունէին՝ յաղթութիւնը խորհրդանշող արմաւենիի ճիւղերը, որ կը բացայայտէ թէ յաղթողը իրենք են եւ ոչ թէ աշխարհը, ու մեզ կը խրախուսեն իրենց նոյն ընտրանքը կատարելու, այսինքն ընտրելու Աստուած որ Սուրբ է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաւատացեալները հրաւիրեց հարց տալու ո՞ր կողմը ընտրած են  ու եթէ իսկապէս կը ձգտին սրբութեան, ապա նշեց  «մեր սուրբ եղբայրներն ու քոյրերը մեզմէ կը խնդրեն ոչ միայն մտիկ ընել Աւետարանին այլ զայն գործադրել, քալելով երանութիւններու ուղիին վրայ։ Այս չի նշանակեր արտակարգ գործեր կատարել, այլ ամէն օր հետեւիլ ճանապարհին՝ որ մեզ դէպի երկինք կը տանի - ըսաւ ապա Քահանայապետը անդրադառնելով Յիսուսին խոստումին. «Ուրախացէք եւ ցնծացէք, որովհետեւ մեծ պիտի ըլլայ ձեր վարձատրութիւնը երկինքի մէջ», ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ քալելու սրբութեան ճանապարհին վրայ, ապա Երկնքի դուռ Տիրամօրմէն՝հայցեց որ մեր սիրելի ննջեցեալները առաջնորդէ Երկնային ընտանիքին ներքոյ։

Ննջեցեալներուն համար աղօթք 

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց՝ Տոն Պոսքոյի Հիմնարկի կողմէ Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ կազմակերպուած  «Սուրբերու Մրցավագգ» բարեսիրական ծրագրի մասնակցողներուն, ապա նշեց թէ վաղը՝ Օր Մեռելոցի առթիւ, պիտի այցելէ Հռոմի Լաուրենթինօ գերեզմանը, «աղօթելու անոնց համար որոնք կը ննջեն խաղաղութեան մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց դարձեալ բարի տօն մաղթելով բոլորին ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2018, 12:11