Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

. «Սիրելիներ Քրիստոսի Աւետարանական պատգամը մեզմէ չի պահանջեր արտակարգ գործեր, այլ կը խնդրէ որ թոյլ տանք որ Աստուած գործէ մեր կեանքին մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 24 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունեց այնտեղ համախմբուած ու զանազան վայրերէն ժամանած  տասնեակ հազարւոր ուխտաւորները։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ըսելով. «Սիրելիներ Քրիստոսի Աւետարանական պատգամը մեզմէ չի պահանջեր արտակարգ գործեր, այլ կը խնդրէ որ թոյլ տանք որ Աստուած գործէ մեր կեանքին մէջ։ Ան մեզի ըսաւ. Առանց ինծի դուք ոչ մէկ բան կարող էք ընել։ Քրիստոնէական կեանքը մեր տկարութիւններուն հանդիպումն է Աստուծոյ ուժին ու Անոր շնորհքին հետ, որ մեզի թոյլ կու տայ առօրեային մէջ ապրիլ լիակատար եւ ուրախ գոյութիւն մը, ուր ողորմածութիւն՝  կը նշանակէ ամէն ինչ ընել ուրախութեամբ ու հեզութեամբ՝ ի Փառս Աստուծոյ եւ  մարդկանց բարիքին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 10:45