Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Տասը Պատուիրանները «Մի սպաներ». Հրապարակային ունկնդրութիւն։

«Մի սպաներ» բառը կը նշանակէ թէ «Աստուած կեանքի սիրահար է» ու կեանքի գաղտնիքը մեզի բացայայտուեցաւ Աստուծոյ Որդոյն կեանքի նկատմամբ վերաբերմունքի միջոցաւ.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այդ առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ շարունակելով խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին անդրադարձաւ հինգերորդ պատուիրանին՝ մի սպաներ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօրուայ մտածականը նուիրուած է հինգերորդ պատուիրանին. Մի սպաներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու նշելով թէ այս պատուիրանը  կտրուկ ու վճռակամ ձեւակերպումով կանգնած է որպէս պատ մը՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային յարաբերութիւններու հիմնական արժէքին՝ կեանքի արժէքը։

Կարելի է առ այդ ըսել որ աշխարհի մէջ իրագործուած բոլոր չարիքները կ՛ամփոփուին կեանքի նկատմամբ արհամարհանքի մէջ։ Կեանքը արդարեւ թիրախ է պատերազմներու, մարդը չարաշահող կազմակերպութիւններու, ստեղծագործութեան եւ աւելորդացի մշակոյթի շահարկումներու ու բոլոր այն համակարգերուն որոնք մարդկային գոյութիւնը կ՛ենթարկեն հնարաւորութիւններու հաշուարկներու մինչ գայթակղեցուցիչ թիւով  մարդիկ կ՛ապրին անարժանավայել վիճակի մէջ։

Կեանքը նախայարձակումի ենթարկուած է բազմաթիւ ձեւերով. Բռնութիւնը ու նորածին կեանքի մերժումը՝ նա մանաւանդ երբ կը յայտնուի թէ ան հիւանդոտ կամ անկար է։ Այս պարագային ծնողները կարիքը ունին մօտիկութեան, իսկական զօրակցութեան,  որպէսզի կարողանան յաղթահարել այդ վախը։ Ամէն այս իրականութիւնները արդարեւ յառաջ կու գան վախէն։ «Ուրիշին ընկալումը անհատականութեան մարտահրաւէրն է։  

Դիւրաբեկ կեանքը մեզի ցոյց կու տայ ելքի ճանապարհը, ճանապարհը մենք մեզ փրկելու մենք մեր մէջ փակուած գոյութենէ մը,  վերագտնելու համար սիրոյ ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այն ինչ որ մարդը կը մղէ կենաքի մերժումին, այս աշխարհի կուռքերն են, դրամը, իշխանութիւնը ու յաջողութիւնները։  «Ասոնք սակայն կեանքը արժեւորելու սխալ չափանիշեր են եւ կեանքի միակ ու իսկական չափանիշը կը մնայ սէրը. Նոյն սէրը որով Աստուած կը սիրէ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ «մի սպաներ» բառը կը նշանակէ թէ «Աստուած կեանքի սիրահար է» ու կեանքի գաղտնիքը մեզի բացայայտուեցաւ Աստուծոյ Որդոյն կեանքի նկատմամբ վերաբերմունքի միջոցաւ. Ան արդարեւ մարդեղացաւ մինչեւ որ Խաչին վրայ փորձարկեց մերժումը, տկարութիւնը, աղքատութիւնն ու տառապանքը։ Ամէն մէկ հիւանդ մանուկին մէջ, հիւանդ ծերունիին մէջ, ամէն մէկ յուսալքուած գաղթականին մէջ եւ դիւրաբեկ ու վտանգուած կեանքին մէջ՝ Քրիստոս  կը փնտռէ մեր սիրտը, անոր մէջ դնելու համար սիրոյ ուրախութիւնը։

«Կ՛արժէ արդարեւ ընկալել որեւէ կեանք մը՝ որովհետեւ ամէն մէկ անձ արժանի է Քրիստոսի արեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով աշխարհի մարդիկն ու կիները չ՛արհամարհելու կեանքը՝ ոչ ուրիշին կեանքը եւ ոչ ալ սեփական կեանքը, որովհետեւ այդ մէկը Աստուծոյ գործն է։

Ոչ մէկը թող կեանքը չափէ այս աշխարհի խաբէութիւններու հիման վրայ, այլ իւրաքանչիւրը ինքզինք եւ միւսները թող ընկալէ՝ յանուն Հօր, որ մեզ ստեղծեց։

«Ան կեանքի սիրահար է ու մենք բոլորս Իրեն համար թանկարժէք են։  Ան այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին զոհեց որպէսզի ան որ հաւատայ անոր չի մեռնի եւ ունենայ յաւիտենական կեանքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն, յատուկէն  ողջոյնի խօսք  ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ըսելով. «Հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է առաքելութեան ու Վարդարանի աղօթքին։ Սիրելիներ, Վարդարանը աղօթելով հայցեցէք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, ձեր ու Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր պահանջին համար, որպէսզի Եկեղեցին միշտ աւելիով ըլլայ սուրբ եւ միսիոնար ու միացած՝ աշխարհի ճանապարհները կտրելու ընթացքին ինչպէս նաեւ համահունչ Քրիստոսը տանելու ամէն մարդու»։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2018, 09:57