Որոնել

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած սիւնհոդսական հայրերուն։

«Մենք կարիքը ունինք վերագտնելու մեր յոյսին պատճառները ու յատկապէս կարիքը ունին զայն փոխանցելու երիտասարդներուն որոնք ծարաւն ունին այդ յոյսին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 հոկտեմբեր 2018ի յետմիջօրէին Վատիկանի Սիւնհոդսական դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսներու սովորական 15-րդ սիւնհոդոսի բացումը որուն սկիզբը Սրբազան Հայրը ողջոյնի պատգամ մը ուղղեց այնտեղ համախմբուած սիւնհոդոսական հայրերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար ու բոլոր այն անձերուն որոնք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ երկու տարուայ ընթացքին գործակցեցան պատրաստելու համար այս հաւաքը։ Սրբազան Հայրը հուսկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան  անդամներուն, ապա յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն որոնք կը հետեւին սիւնհոդոսին ու այն երիտասարդներուն որոնք տարբեր ձեւերով լսելի դարձուցին իրենց ձայնը, յատկապէս որովհետեւ անոնք ուզեցին «հակառակ ամէն բանի շարունակել վստահիլ Եկեղեցւոյ նաւուն որ նոյնիսկ փոթորիկներու ընդմէջէն կը շարունակէ բոլորին մատուցել ապաստան եւ հիւրընկալութիւն»։  Քահանայապետը շնորհակալ եղաւ երիտասարդներուն նաեւ անոնց համոզումին համար թէ՝ «կ՛արժէ լողալ հակահոսանք ու ձգտիլ բարձր արժէքներու՝ ընտանիքին, հաւատարմութեան, սիրոյ, հաւատքին, զոհողութեան, ծառայութեան եւ յաւիտենական կեանքի արժէքներուն», ըսաւ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ «Սիւնհոդոսը որ կ՛ապրինք բաժնեկցութեան պահ մըն է» ու հրաւէր ուղղեց բոլորին արտայայտուելու քաջութեամբ՝ ազատութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ վրայ հիմնուելով։

«Միայն երկխօսութիւնն է որ մեզ կարող է աճեցնել», յարեց Սրբազան Քահանայապետը, նշելով թէ թափանցիկ եւ ազնիւ  քննադատութիւնը կառուցողական է եւ օգտակար մինչ ունայն շատախօսութիւններն ու նախապաշարումները կը մնան ժխտական։

«Խօսելու քաջութեան պէտք է համապատասխանէ նաեւ ունկնդրելու խոնարհութիւնը» թելադրեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ «ունկնդրութիւնն է որ դուռը կը բանայ երկխօսութեան» ու նշեց թէ սիւնհոդոսը ըլլալու է երկխօսութեան գործընթաց մը, հուսկ սիւնհոդոսական հայրերը հրաւիրեց բաց ըլլալու նորութեան եւ ուրիշը ունկնդրելով չի վարանելու փոխել նաեւ գաղափարը ու ասկէ մեկնելով իրենք զիրենք ազատ զգան փոխելու իրենց պատրաստած զեկոյցը. «Այս մէկը կը հանդիսանայ մարդկային եւ հոգեւոր հասունութեան նշան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սիւնհոդոսը որակեց նաեւ եկեղեցական զատորոշումի գործընթաց մը, ուր հիմնական տեղ կը գրաւէ անկեղծութիւնը։

«Զատորոշումը ներքին վերաբերմունք մըն է որ կ՛արմատանայ հաւատքի ներգործութեան մը մէջ։ Ան կը հիմնուի այն համոզումին վրայ թէ Աստուած է որ կը շարժէ աշխարհի պատմութիւնը, եւ ասոր համար պէտք է մենք մեզ դնենք Սուրբ Հոգիի ձայնին ունկնդրութեան տակ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ այս ուղղութեամբ հրահանգելով սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին ներկայացուած  ամէն հինգ զեկոյցներէ ետք, պահ մը լռութիւն պահել, երեք վայրկեան տեւողութեամբ, որպէսզի, ըսաւ Ան, իւրաքանչիւրը մտիկ ընէ իր սրտին ու ատկէ մեկնելով գիտնայ ճանչնալ, մեկնաբանել եւ ընտրանք կատարել։

«Մենք նշանն ենք ունկնդրութեան եւ ուղեւորութեան մէջ Եկեղեցւոյ մը» աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ սիւնհոդոսական նախապատրաստական ընթացքը ի յայտ դրաւ եկեղեցի մը որ «ունկնդրութեան պարտք» ունի՝ նաեւ երիտասարդներուն նկատմամբ, որոնք յաճախ չեն հասկցուած եկեղեցիին կողմէ։ Այս Սիւնհոդոսը առիթ, պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը ունի ըլլալու նշան Եկեղեցւոյ մը որ ինքզինք իսկապէս կը դնէ ունկնդրութեան մէջ, բաց նորութիւններուն ու Աստուծոյ անակնկալներուն ու հաւատալի՝ երիտասարդները քաշող ուժով ։

Քահանայապետը ապա դիտել տուաւ թէ երբ մենք յառաջուց կը մտածենք թէ կը ճանչնանք թէ ով է մեր խօսակիցը եւ ինչ կ՛ուզէ մեզմէ, դժուար կ՛ըլլայ զայն ունկնդրելը ու ասկէ մեկնելով նշեց թէ «Երիտասարդները փորձուած են ծերերը նկատել յետամնաց մինչ տարեցները փորձուած են երիտասարդները նկատել անփորձ» այս մէկը համարելով մեծ արգելք մը՝ սերունդներու միջեւ երկխօսութեան։

Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ  ներկաներուն մեծամասնութիւնը չի պատկանիր երիտասարդ սերունդին եւ ասոր համար աւելի ուշադրութեամբ դիմագրաւելու ենք երիտասարդներուն հայող հարցերը, զգուշանալով  «մտաւոր դասաւորումներու» վրայ հիմնուած քննարկումներէն։

«Եթէ կարողանանք այս վտանգէն խուսափիլ, գուցէ կարող կ՛ըլլանք կարելի դարձնել սերունդներու միջեւ դաշինքը» յարեց Սրբազան Հայրը ակնարկելով թէ «այս ընելու համար տարեցները պէտք չէ  թերագնահատեն երիտասարդներուն կարողութիւնները ու պէտք չէ զանոնք դատեն բացասական կերպով,  մինչ երիտասարդները պէտք է յաղթահարեն փորձութիւնը՝ ականջ չի դարձնելու ծերերուն, զանոնք նկատելով անցեալի եւ ձանձրացուցիչ իրողութիւն։

«Տարեցները արդարեւ մարդութեան յիշողութիւնն են, մեր ընկերութիւններուն արմատները, ու մեր քաղաքակրթութեան զարկերակը։ Զանոնք անտեսել ու կղզիացնելը, անտեսել սերունդներէն  ժառանգուած փորձառութեան  գանձը, ինքնակործանման արարք մըն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ քննադատելով նաեւ «կղերապաշտութեան» իրականութիւնը, զայն նկատելով որպէս այլանդակութիւն՝ որ  եկեղեցւոյ բազմաթիւ չարիքներուն արմատն է եւ որուն համար հարկ է խոնարհաբար ներողութիւն խնդրել ու այնպիսի պայմաններ ստեղծել որ այդ մէկը դարձեալ չի կրկնուի, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով նաեւ հոգ ու խնամք տանիլ «ինքնաբաւարարութեան» ախտին։

«Թող որ սիւնհոդոսը վերակենդանացնէ մեր սրտերը» կոչ ուղղեց ապա Սրբազան Պապը պատգամին աւարտին հաստատելով թէ ապագան սպառնալիք մը չէ այլ Տիրոջ մեզի խոստացած ժամանակն է, որպէսզի կարենանք փորձարկել Իր, մեր եղբայրներուն եւ արարչութեան հետ հաղորդութիւնը։ Մենք կարիքը ունինք վերագտնելու մեր յոյսին դրդապատճառները ու յատկապէս կարիքը ունինք զայն փոխանցելու երիտասարդներուն՝ որոնք ծարաւն ունին այդ յոյսին։ «Սերունդներու միջեւ հանդիպումը կարող է դառնալ պտղատու այն չափով որ ան  կարող է յոյս ներշնչել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  զգուշացնելով ներկաները «դժբախտութեան մարգարէութիւններէն» ու հրաւիրելով զանոնք իրենց «հայեացքը կեդրոնացնելու բարիին վրայ, որ յաճախ անձայն է» ու չվախնալու Քրիստոսի մարմնի վէրքերէն, որոնք յառաջ կու գան գործուած մեղքէն ու նաեւ եկեղեցւոյ զաւակներու կողմէ գործադրուած մեղքէն։

«Յանձնառու ըլլանք ուրեմն փնտռելու ապագան ու այս սիւնհոդոսէն դուրս գալու ոչ միայն փաստաթուղթով մը որ յաճախ քիչեր կը կարդան ու շատեր կը քննադատեն, այլ դուրս գանք հովուական շօշափելի առաջադրութիւններով ու առաջարկներով որոնք կարող ըլլան սիւնհոդոսին պարտականութիւնը իրականացնել, այսինքն ծաղկեցնել երազները, հրահրել մարգարէութիւն եւ տեսլական, ծիլ տալ յոյսին, խրախուսել վստահութիւն, խնամել վէրքեր, ստեղծել յարաբերութիւն, մէկը միւսէն սորվիլ ու ստեղծել դրական երեւակայութիւն մը՝ որ լուսաւորէ մտքերը, ջերմացնէ սրտերը, ուժ պարգեւէ ձեռքերուն, ու երիտասարդները ներշնչէ  ապագայի նկատմամբ ունենալու Աւետարանի ուրախութեամբ լի տեսլական մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2018, 17:15