Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ միասնաբար պիտի հանդիպի երիտասարդներուն ու տարեցներուն։

Ահա թէ ինչ կը փափաքիմ աշխարհ մը որ ապրի նոր ողջագուրում երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ» կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ժամանակի իմաստութիւնը»՝ այս է խորագիրը ծրագրի մը որ կազմակերպուած է յառաջիկայ 23 հոկտեմբեր 2018-ին, Հռոմի Աուկոստինիանում վարժարանի մէջ։ 

Համընդհանուր ծրագիր մը որուն նպատակն է նոր ուխտ մը հաստատել սերունդներու միջեւ եւ որուն ծիրէն  ներս կը հրապարակուի կեանքի  պատմութիւններու հաւաքածոյ մը որոնց մեկնաբանութիւնը կատարած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ձեռնարկ մը ուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի զրուցէ տարեցներու ու երիտասարդներու հետ միասնաբար եւ որ կազմակերպուած է Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին ծիրէն ներս։ 

«Դէպի ապագայ միասին քալելու համար պէտքը կայ անցեալին, կարիքը  կայ խոր արմատներու, կարիքը կայ յիշողութեան, քաջութեան եւ առողջ ցնորք մը։ Ահա թէ ինչ կը փափաքիմ՝ աշխարհ մը որ ապրի նոր ողջագուրում մը ընդմէջ երիտասարդներուն ու տարեցներուն» կ՛ըսէ այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը։

Վերոնշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համայն աշխարհէն ժամանած երիտասարդներ ու տարեցներ, Փանամայի Արքեպիսկոպոսը՝ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթան որ է Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերուն կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահը եւ Հայր Անթոնիօ Սփատարոն՝ «Լա Չիվիլթա Քաթթիլիքա» Յիսուսեաններու պարբերաթերթին տնօրէնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2018, 10:02