Որոնել

Երիտասարդական ձեռնարկ Վատիկանի մէջ Երիտասարդական ձեռնարկ Վատիկանի մէջ 

«Մենք ի նպաստ.Եզակի, աջակցող, ստեղծագործ» Երիտասարդական յատուկ ձեռնարկ Վատիկանի մէջ։

7 հազարէ աւելի երիտասարդներ համախմբուած էին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 6 Հոկտեմբեր 2018-ի  յետմիջօրէի 5-ին, երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին առիթով, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին ու սիւնհոդոսական հայրերու ներկայութեամբ,  տեղի ունեցաւ «Մենք ի նպաստ.Եզակի, աջակցող, ստեղծագործ» խորագիրով երիտասարդական յատուկ ձեռնարկ  մը,  որուն ընթացքին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրի մը ներկայացումէն ետք  մի քանի երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

7 հազարէ աւելի երիտասարդներ համախմբուած էին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Երիտասարդներ ժամանած աշխարհի տարբեր երկիներէ որոնցմէ ինը հոգի հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Քահանայապետին հարց տալով թէ ի՞նչպէս կարելի է երջանիկ ըլլալ այսօր. Ի՞նչպէս կարելի է ներքին պարապութիւնը լեցնել երբ դժուար է իմաստ  գտնել կեանքին ու անկարող ենք իրագործելու երազանքները, երբ պակասը կայ աշխատանքի եւ հնարաւորութիւններու։ Ո՞րն է ուղին վերագտնելու համար  գոյութեան արժէքները, ի՞նչպէս կարելի  է ապրիլ քաղաքականութեան յանձնառումը ի տես այնքան տարածուած կաշառակերութեան, ի՞նչպէս անտարբեր մնալ ի տես հասարակական անհաւասարութիւններուն եւ ինչպէս կարելի է յաղթահարել ուրիշին մէջ թշնամի տեսնելու մտայնութիւնը, ապա՝ որոնք են չափանիշերը  լաւապէս օգտագործելու համար ընկերային ցանցերը, հուսկ  ի՞նչ կ՛ընէ եկեղեցին  փոքրամաս ու հալածուած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ ապրող երիտասարդներուն համար եւ ի վերջոյ ի՞նչպէս կարելի է փոխել այն ժխտական ու տխուր պատկերը որ բազմաթիւ երիտասարդներ ունին իրենց մտքին մէջ եկեղեցիին նկատմամբ։

Ընդամէնը ինը հարցումներ որոնց աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մէկդի կը դնէ պատրաստուած գրաւոր ճառը հաղորդելով թէ ինք պիտի չի պատասխանէ հարցումներուն ու թէ այդ մէկը սիւնհոդոսական հայրերուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Ես միայն մի քանի թելադրանքներ պիտի առաջարկեմ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու մեկնելով երիտասարդներուն ներկայացուցած կեանքի վկայութիւններէն առաջարկեց անոնց իրենք կերտել իրենց ճանապարհը. Ըլլալ ուղեւորութեան մէջ երիտասարդներ, որոնք կը նային հորիզոնին եւ ոչ թէ հայելիին։ «Միշտ յառաջ ուղղեցէք ձեր հայեացքը, ուղեւորութեան մէջ եւ ոչ թէ նստած բազկաթոռի վրայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը  բազկաթոռի վրայ նստած երիտասարդները որակելով «թոշակի մէջ» երիտասարդներ։ «Ինքզինք գտնել ու ճանչնալը կը կայանայ գործելու մէջ, որոնելու՝ բարին ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը, այնտեղ է որ կարելի է գտնել մենք զմեզ» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը ապա խոստովանեցաւ որ եթէ Եկեղեցին  հետեւողականութեամբ չ՛ապրի, եթէ եկեղեցի մը  կը քարոզէ երանութիւնները ապա կ՛ապրի աշխարհականութեան ճանապարհին վրայ, միայն ցաւ կարող է պատճառել, յատկապէս երիտասարդներուն։ «Դուք ալ սակայն պէտք է  ըլլաք հետեւողական» յանձնարարեց Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկելով աշխարհի մէջ ընկերային անհաւասարութիւններու հարցին մէջբերեց Յիսուսին խօսքը, ուր Ան կ՛ըսէ թէ իսկական իշխանութիւնը կը կայանայ ծառայութեան մէջ։ «Իսկական իշխանութիւնը ծառայել է» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա թէ ոչ կը դառնայ եսասիրութիւն, կը դառնայ ուրիշին վրայ տիրապետել, զանոնք ստրկացնել։  «Մինչ իշխանութիւնը պէտք է ըլլայ մարդոց ծառայութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ասկէ մեկնելով  կոչ ուղղեց ներկաներուն դիտել տալով թէ անոնք թանկագին են։ «մի թողուք որ ձեզ գնեն, ձեզ հրապուրեն, կաշառեն, ձեզ ստրկացնեն ու գաղափարական գաղութացումի ենթարկեն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշելով ցանցային աշխարհին զգուշացուց երիտասարդները այդ աշխարհին մէջ ապրելէ ու հրաւիրեց զանոնք մշակելու իսկական եւ ոչ թէ «թուային աշխարհի» յարաբերութիւններ։

Քահանայապետը դատապարտեց ապա ժողովրդապաշտական երեւոյթները որոնք օտարին մէջ կը տեսնեն միայն թշնամի մը։ «Ժողովրդապաշտութիւնը հակառակ է ժողովրդայինին» ըսաւ Քահանայապետը, նկատել տալով թէ ժողովրդայինը ժողովուրդին մշակոյթն է, մինչ ժողովրդապաշտութիւնը ինքնիր մէջ փակուած  իրողութիւն մըն է որ կարող չէ ուրիշը ընդունիլ։ «Զգուշացէք այս մէկէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու որպէս վերջին յորդոր հրաւիրեց երիտասարդները երկխօսութիւն հաստատելու մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու հետ։ «Անոնք ձեր աճումին արմատներն են, այդ արմատները գաղեցէք ու զանոնք յառաջ տարէք՝ որպէսզի ձեր կարգին պտուղ պարգեւէք ու դուք եւս դառնաք ուրիշներու համար արմատներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2018, 08:00