Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը:

Որպէս Յիսուսի Եկեղեցի կ՛ուզենք այժմ ձեզ ունկնդրել՝ սիրով ու այն վստահութեամբ թէ ձեր կեանքը թանկարժէք է Աստուծոյ համար որովհետեւ Աստուած Երիտասարդ է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, «Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» բնաբանով  սիւնհոդոսին մասնակցող սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց սիւնհոդոսի եզրափակիչ հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, որուն ներկայ էր նաեւ Տանն  Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց՝ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ զոհի ընթացիկն արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը Մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 10, 46 -52) ուր ներկայացուած է կոյր Բարտիմէոսի բուժումին հրաշքը,  նշեց թէ Բարտիմէոս Երիքովի ճամբաներու վրայ մուրացկանի իրավիճակէն դարձաւ Յիսուսին աշակերտ ու միւս աշակերտներուն հետ միասին քալելով մտաւ Երուսաղէմ։

Միասին քալել

Մենք ալ «միասին քալեցինք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին ու դիտել տալով թէ այսօրուայ աւետարանը կնիքն է հաւատքի ուղեւորութեան երեք հիմնական քայլերուն։

«Բարտիմէոսը միակ է, լքուած ու ոչ մէկէ սիրուած։ Կոյր է եւ ոչ մէկը կ՛անսայ անոր աղաղակին բացի Յիսուսէն։ Սակայն երբ Յիսուս անոր կը հանդիպի, թէեւ գիտեր անոր պահանջը, հարց կու տայ. «Ի՞նչ կ՚ուզես որ քեզի ընեմ», թոյլ տալով որ ան խօսի մինչ Ինք համբերութեամբ կ՛ունկնդրէ։ «Ահա այս է հաւատքի ուղեւորութեան առաջին քայլը՝ ունկնդրութիւնը։ Ականջի առաքելութիւնը. Խօսելէ առաջ ունկնդրել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով անոնց որոնք փոխանակ ունկնդրելու կը յանդիմանեն Բարտիմէոսը անոր սաստելով որ լռէ, որովհետեւ խանգարում կը պատճառէր իրենց օրակարգին։

Ունկնդրել

«Անոնք Յիսուսին կը հետեւէին սակայն  իրենց միտքին մէջ ունէին սեփական ծրագիրներ, մինչ Յիսուսին համար այդ աղաղակը կենսական հարցադրանք էր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «Երկնային Հօր զաւակները կ՛անսան իրենց եղբայրներուն։ Մտիկ կ՛ընեն սիրով, համբերութեամբ, այնպէս ինչպէս Աստուած  մտիկ կ՛ընէ մեզի։ Աստուած արդարեւ երբեք չի յոգնիր, այլ կ՛ուրախանայ երբ մենք զԱյն կը փնտռենք։ Անորմէ հայցենք ուրեմն ունկնդրող սիրտ մը ունենալու շնորհքը» թելադրեց Սրբազան Պապ ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ. «Ներեցէք մեզի՝ եթէ յաճախ ձեզի մտիկ չ՛ըրինք։ Եթէ փոխանակ մեր սիրտը բանալու՝ ձեր ականջները լեցուցինք խօսքերով։ Որպէս Յիսուսի Եկեղեցի կ՛ուզենք այժմ ձեզ ունկնդրել՝ սիրով ու այն վստահութեամբ թէ ձեր կեանքը թանկարժէք է Աստուծոյ համար որովհետեւ Աստուած Երիտասարդ է ու կը սիրէ երիտասարդները, ապա որովհետեւ ձեր կեանքը թանկարժէք է նաեւ մեզի համար, առ աւելին անհրաժեշտ է՝ որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ»։

Մերձեցում

Ունկնդրութենէն ետք երկրորդ քայլը «մերձեցումն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Յիսուսին մօտիկութեան Բարտիմէոսին «Ի՞նչ կ՚ուզես որ քեզի ընեմ»։

Երբ հաւատքը կը կեդրոնանայ լոկ վարդապետական ձեւակերպումներու վրայ, վտանգը կայ որ ան խօսի միայն մտքին ու չի կարողանայ դպչիլ սրտին։ Ու երբ կը կեդրոնանայ միայն «գործունէութեան» վրայ, վտանգը կայ որ ան դառնայ լոկ բարոյականութիւն։ Մինչ հաւատքը կեանք է, գոյութիւնը փոխակերպող Աստուծոյ սէրը ապրիլն է։ Մենք կանչուած ենք յառաջ տանելու Աստուծոյ ծրագիրը մերձեցումի միջոցաւ։ Մերձեցում՝ ահա այս է գաղտնիքը հաւատքը սրտին կարենալ փոխանցելու համար։ Մերձակայ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ նորութիւնները տանիլ եղբօր կեանքին մէջ, հակաթիւնն է նախապատրաստուած բաղադրաչափերու։ Հարց տանք եթէ մենք մերձեցումի կարող քրիստոնեաներ ենք ու կարող ենք դուրս գալ՝ ողջագուրելու համար մեր եղբայրները  զոր Աստուած  գորովագին կերպով կը փնտռէ։ Խուսափինք մեր «ձեռքերը լուալու» փորձութենէն, Պիղատոսի  կամ Կայէնի նման։  Քալենք Յիսուսին օրինակով ու մեր ձեռքերը աղտոտենք ծունկի գալով՝ կոյրի մը առջեւ։ «Յիսուս խաչին վրայ մեզի եղաւ մօտիկ ու երբ մենք անոր սիրոյն համար մօտիկ կ՛ըլլանք ուրիշին կը դառնանք նոր կեանքի պատգամաւորներ ու վկաները փրկարար սիրոյ»,  ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով երորդ քայլին՝ վկայելը։

Վկայութիւն

«Քրիստոնէական կեցուածք մը չէ սպասել որ եղբայրները բախեն մեր դուռը, պէտք է որ մենք երթանք անոնց մօտ, անոնց տանելով ոչ թէ մեր անձերը, այլ Յիսուսը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ Յիսուս մեզ կ՛առաքէ որպէսզի մեր կարգին իրեն նման քաջալերենք ու իր անունով ոտքի կանգնեցնենք։ Մեզ կ՛ուղարկէ իւրաքանչիւրին ըսելու համար. «Աստուած քեզմէ կը խնդրէ որ թոյլ տաս որ քեզ սիրէ»։ «Քանիցս սակայն փոխանակ փրկութեան ազատարար պատգամին մենք անոնց տարինք մենք զմեզ ու անոնց փոխանցեցինք ոչ թէ Տիրոջ պատգամը, այլ մեր խօսքերն ու մեր մտքերը, դառնալով լոկ բարեսիրական հաստատութիւն մը» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով հաւատքի ուղեւորութեան երեք քայլերուն վրայ՝ ունկնդրել, մերձենալ ու վկայել, ակնարկեց Յիսուսին Բարտիմէոսին ուղղած վերջին խօսքին «գնա քու հաւատք քեզ փրկեց» ու ասկէ մեկնելով նշեց թէ «փրկութեան կարիքը զգալը  հաւատքի սկիզբն է։ Հաւատքը հանդիպումի հարց է,  տեսութիւն մը չէ։ Հանդիպումի մէջ է որ Յիսուս ներկայ է, հանդիպումին մէջ կը տրոփէ եկեղեցւոյ սիրտը, առ այդ վկայութիւնն է որ մեր կանքը արդիւնաւէտ կը դարձնէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը  բերին սիւնհոդոսին՝« միասին քալելու» իրողութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած վկայութեան համար, ապա քարոզը եզրափակեց հաստատելով  «միասին աշխատեցանք անկեղծութեամբ ու հաղորդութեան մէջ, ի միտ ունենալով ծառայել Աստուծոյ ու անոր ժողովուրդին։ Տէրը օրհնէ մեր քայլերը, որպէսզի կարողանանք անսալ երիտասարդներուն, մօտիկ ըլլալ անոնց ու անոնց վկայել մեր կեանքին ուրախութիւնը ՝  Յիսուսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2018, 10:43