Սիւնհոդոսական հայրերուն նամակը երիտասարդներուն։

Եկեղեցին եւ աշխարհը հրատապ կարիքը ունին ձեր խանդավառութեան։ Դուք ներկան էք՝ եղէք աւելի լուսաւոր ապագայ մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսի աւարտին, «երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը» նիւթով սիւնհոդոսին մասնակցող սիւնհոդոսական հայրերը երիտասարդներուն ուղղուած նամակ մը հրապարակեցին, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ կիրակի՝ 28 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի մէջ Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորութեամբ մատուցուած Սիւնհոդոսի եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին։

Նամակին մէջ Սիւնհոդոսական հայրերը ի մէջ այլոց գրեցին.

Ունկնդրէ լուրը

«Ձեզի աշխարհի երիտասարդներ, կը դիմենք մենք սիւնհոդոսական հայրերս յոյսի, վստահութեան ու մխիթարութեան խօսքով։ Այս օրերուն հաւաքուեցանք ունկնդրելու համար Յիսուսին ձայնը ու Անոր մէջ նկատելու ձեր բազմաթիւ ձայները, ձեր ուրախութեան ճիչերը, ձեր ողբն ու լռութիւնները։

Այժմ մենք կ՛ուզենք որ դուք լսէք մեր այս խօսքերը. Կ՛ուզենք ձեր  ուրախութեան համագործակիցները դառնալ, որպէսզի ձեր սպասումները փոխակերպուին իտէալներու։ Մենք վստահ ենք որ դուք պատրաստակամ էք՝ ձեր կեանքը ապրելու իղձի յանձնառումով, այնպէս ընելու որ ձեր երազները մարմին առնեն ձեր կեանքին մէջ ու մարդկութեան պատմութեան մէջ։

Թող որ մեր տկարութիւնները ձեզ չի յուսահատեցնեն, դիւրաբեկութիւնն ու մեղքերը արգելք չի հանդիսանան ձեր վստահութեան։ Եկեղեցին ձեր մայրն է, ձեզ չի լքեր, պատրաստ է ձեզի ընկերանալու նոր ճանապարհներու վրայ, բարձունքներու վրայ՝ ուր  Սուրբ Հոգիին քամին աւելի զօրեղ կը փչէ, փարատելով անտարբերութեան, մակերեսայինի եւ յուսալքումի մառախուղները։

Երբ աշխարհը զոր Աստուած այնքան սիրեց մինչեւ իր Միածին Որդին նուիրելու անոր, ընկճուած է, կը ձգտի առաք յաջողութիւններու, հաճոյքի ու տկարներու արհմարումին, դուք օգնեցէք որ ան վերականգնի ու իր հայեացքը ուղղէ դէպի սէրը, գեղեցկութիւնը, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը։

Մէկ ամսուայ տեւողութեամբ մենք քալեցինք ձեզմէ մի քանիներուն հետ ու այլ ուրիշ բազմաթիւ անձերու հետ, որոնք միացած էին մեզի աղօթքով եւ սիրով։ Կը փափաքինք շարունակել այս ընթացքը երկրի բոլոր վայրերուն մէջ, ուր Տէրը՝ Յիսուս մեզ կը կոչէ որպէս առաքեալ աշակերտներ։

Եկեղեցին եւ աշխարհը հրատապ կարիքը ունին ձեր խանդավառութեան։ Եղէք ճանապարհորդութեան ուղեկիցները դիւրաբեկներուն, աղքատներուն ու կեանքէն վիրաւորուածներուն։ Դուք ներկան էք՝ եղէք աւելի լուսաւոր ապագայ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2018, 11:32