Որոնել

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին բացման պատարագը։ Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին բացման պատարագը։ 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին բացման պատարագն ու Քահանայապետին քարոզը։

Երիտասարդները մեզ կը կոչեն իրենց հետ միասին յանձն առնելու ներկան ու պայքարելու իրենց արժանապատուութեան զարգացումը սահմանող իրականութիւններուն դէմ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իսկ Մխիթարիչը Սուրբ Հոգին զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ բոլոր ըսածներս» (Յովհ 14,26)։ Յիսուսին այս խօսքերէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 3 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին սկիզբին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի բոլոր երկիրներէն ժամանած սիւնոհոդոսական 267 հայրեր, որոնք յետմիջօրէին,Վատիկանի սիւնոհոդսական սրահին մէջ ընթացք կու տան «Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումի զատորոշումը» խորագիրով եպիսկոպոսական 15-րդ սովորական սիւնհոդոսն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է երիտասարդներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, իր այդ խօսքերով աշակերտներուն պարզեց երաշխիքը՝ որ անոնց պիտի ընկերանայ իրենց յանձնուած առաքելութեան ընթացքին. Սուրբ Հոգին արդարեւ առաջինն է որ կը պահպանէ ու վառ կը պահէ Վարդապետին յիշատակը առաքեալներու սրտերուն մէջ։ Ան է որ այնպէս կ՛ընէ որ Աւետարանի հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնը ըլլան նաեւ ուրախութեան եւ նորութեան յարատեւ աղբիւր, յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով «համայն Եկեղեցւոյ  համար շնորհքի պահին» ու հրաւիրելով «հաստատակամ հայցել որ Սուրբ Հոգին մեզի օգնէ՝ յիշելու եւ վերարծարծելու մեր սիրտը բորբոքող Տիրոջ խօսքերը»։

«Յիշատակ որ մեր մէջ վերակենդանացնէ ու կը նորոգէ երազելու եւ յուսալու կարողութիւնը որովհետեւ գիտակից ենք թէ երիտասարդները կարող պիտի ըլլան մարգարէութեան ու տեսիլքի այն չափով որով մենք, տարեց ու ծերեր, կարողութիւնն ունինք երազելու ու մեր սրտին երազներն ու յոյսերը կիսելու ու վարակելու» աւելցուց Սրբազան Պապը հայցելով որ «Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու միացած սիւնհոդոսական Հայրեր՝ երազի եւ յոյսի պարգեւներով, որպէսզի կարենանք մեր կարգին մեր երիտասարդները օծել մարգարէութեան եւ տեսիլքի պարգեւով»։

Քահանայապետը մատնանշեց ապա թէ «այսօր առաջին անգամուան համար մեր հետ կը գտնուին Չինաստանէն երկու եպիսկոպոսներ որոնց ներկայութիւնը, ըսաւ Ան, աւելիով տեսանելի կը դարձնէ Եպիսկոպոսներու կապը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ»   հուսկ մաղթանք յայտնելով որ միացած յոյսին մէջ սկիզբ տրուի եկեղեցական հանդիպումի մը որ կարող ըլլայ ծաւալելու հորիզոնները ու փոխելու երիտասարդներէն բաժնող ու հեռացնող կառոյցները, հրաւիրեց նայելու երիտասարդներուն ու անոնց պարած միջավայրերուն, յանձնառու ըլլալով յաղթահարել բացառումի եւ բռնութեան իրականութիւնները, որոնց թիրախ են պատանիները։ 

«Երիտասարդները մեզ կը կոչեն իրենց հետ միասին յանձն առնելու ներկան ու պայքարելու իրենց արժանապատուութեան զարգացումը  սահմանող իրականութիւններուն դէմ։ Անոնք մեզմէ կը պահանջեն  ստեղծագործ նուիրում, իմաստուն եւ յոյսով լի շարժականութիւն մը, որպէսզի զանոնք միայնակ չի թողունք մահուան շուկային մէջ, որ կը ճնշէ անոնց կեանքին վրայ եւ կը մթագնէ անոնց տեսլականը։

«Միասին երազելու կարողութիւնը որ Տէրը այսօր մեզի կը նուիրէ որպէս Եկեղեցի՝ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն համաձայն կը պահանջէ որ «իւրաքանչիւրը փնտռէ ոչ միայն իր շահը, այլ ուրիշներուն շահը եւս» ու խոնարհութեամբ մէկը միւսը ունկնդրենք, որպէսզի միասին զատորոշենք այն ինչ որ Տէրը կը խնդրէ իր Եկեղեցիէն, խուսափելով ինքնակառավարման տրամաբանութենէն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը կարեւորելով «անկեղծ ունկնդրութիւնը»։ «Ունկնդրել Աստուած որպէսզի Անոր հետ ունկնդրենք մարդկութեան ճիչը, ունկնդրել մարդիկը որպէսզի անոնց հետ միասին շնչենք մեզ կանչող Աստուծոյ կամքը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  Սուրբ Կոյս Մարիամին մայրական հովանիին տակ դնելով այս ժամանակահատուածը, որպէսզի մեզի ընկերանայ, ճանչնալու համար Հոգիին հետքերը ու անոնց վրայէն ընթանալով ընկերանանք ու խրախուսենք մեր երիտասարդները, որպէսզի երբեք չի դադրին մարգարէանալէ։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի հայրերուն երիտասարդներուն ուղղած պատգամէն հատուած մը.  «Եկեղեցին կը փափաքի որ այն ընկերութիւնը որ դուք կը պատրաստուիք կառուցել, յարգէ արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը եւ մարդկանց իրաւունքը… այդ մարդիկը դուք էք։ Ան վստահ է որ դուք պիտի գիտնաք ձեր հաւատքը հաստատել ձեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ան իմաստ կու տայ ձեր կեանքին. Իմաստը այն վստահութեան թէ գոյութիւն ունի արդար ու բարի Աստուած մը։  Ահա այդ Աստուծոյ անունով ու Անոր Միածին Որդի՝ Յիսուսին անունով որ մենք այսօր կը խրախուսենք ձեզ ընդլայնելու ձեր սրտերը ըստ աշխարհի չափերուն, հասկնալու ձեր եղբայրներուն կոչը ու համարձակօրէն անոնց ծառայութեան ի սպաս դնել ձեր ուժականութիւնը։ Պայքարեցէք ամէն եսասիրութեան դէմ։ Մերժեցէք բռնութեան եւ ատելութեան բնազդները, որոնք կը յառաջացնեն պատերազմ ու թշուառութիւն։ Եղէք վեհանձն, բիւրեղ, յարգալիր, անկեղծ։ Եւ ոգեւորութեամբ կառուցեցէք այսօրուայ աշխարհէն աւելի լաւ աշխարհ մը (Պօղոս Զ – Երիտասարդներուն ուղղուած Պատգամ՝ 8 դեկտեմբեր 1965)։

Սիրելի սիւնհոդոսական հայրեր Եկեղեցին ձեզի կը նայի վստահութեամբ ու սիրով - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2018, 10:24