Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Վերջ գտաւ «Երիտասարդները հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» բնաբանով եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը։

Ֆրանչիսկոս Պապ սրտափուխ արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտելով որ «փաստաթուղթի հասցէատէրը մենք ենք եւ ոչ թէ դուրսի մարդիկը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 27 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սիւնհոդոսական Դահլիճին մէջ գումարուած երիտասարդներուն հայող  եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին 22-րդ նստաշրջանով ու «աւարտական փաստաթուղթի» քուէարկութեամբ վերջ գտան  «Երիտասարդները հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» բնաբանով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին աշխատանքային նիստերը։

Աւարտական փաստաթուղթը կազմուած է  երեք մասերէ, 12 գլուխներէ ու 167 հատուածներէ  պարունակուած 60 էջերու մէջ։  Քուէարկութեան  աւարտին փաստաթուղթը յանձնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին որ հրահանգեց անոր հրատարակութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ նիստին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը  ներկաներուն ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ փաստաթուղթի կարեւորութեան վրայ դիտել տալով թէ այդ փաստաթուղթի առաջին հասցէատէրերը մենք ենք՝ սիւնհոդոսի մասնակցողները, յանձնարարելով թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին գործէ մեր սրտին մէջ ։

Նորին Սրբութիւնը սրտաբուխ ուղղած խօսքին սկիզբը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոն որոնք իրենց նպաստը բերին սիւնհոդոսին՝ յատուկէն երիտասարդներուն, որոնք «երաժշտութիւն բերին այս սրահին» մէջ ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով «երաժշտութիւն բառը դիւանագիտական է կ՛ուզէի ըսել «աղմուկ ու զուարճութիւն»։

Փաստաթուղթի հասցէատէրը սիւնհոդոսի մասնակիցներն են

Ֆրանչիսոս Պապ ընդգծեց  ապա թէ սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ այլ պաշտպանուած վայր մը ուր կը գործէ Սուրբ Հոգին, ապա սիւնհոդոսի աշխատանքներու արդիւնքը նկատեց ոչ թէ փաստաթուղթը՝ այլ փաստաթուղթերու հաւաքածոյ մը։ «Չեմ գիտեր թէ այս փաստաթուղթը այստեղէն դուրս ի՞նչ կարող է ընել, սակայն գիտեմ որ ան մեր մէջ պէտք է գործէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ սրտափուխ արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտելով որ «փաստաթուղթի հասցէատէրը մենք ենք եւ ոչ թէ դուրսի մարդիկը։ Հարկաւոր է ուսումնասիրել փաստաթուղթը աղօթել ու հայցել լուսաւորում» նշեց Ան ապա շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ սրբութեան վրայ ու այդ սրբութիւնը պաշտպանելու հրամայականին վրայ։

Եկեղեցին պաշտպանել աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ  

«Մեր Մայրը Սուրբ է, թէեւ զաւակները՝ բոլորս ալ մեղաւոր ենք»  ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Մեծ Ամբաստանողը»  օգտուելով մեր մեղքերէն աշխարհին մէջ կը շրջի մեղադրանքներ յարուցելու համար։ «Այս պահուն ան զօրեղ մեղադրանքներ կը կատարէ» աւելցուց Քահանայապետը ու այդ մեղադրանքը կը դառնալ հալածանք, ինչպէս հալածուած են այսօր քրիստոնեաները աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։ «Այդ մեղադրանքներու  նպատակն է  պղծել եկեղեցին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Եկեղեցին պէտք չէ կեղտոտել, զաւակները մի գուցէ այո, սակայն Մայրը՝ Եկեղեցին ոչ։ «Ասոր համար այս է ժամը պաշտպանելու Մայրը, ու Մայրը Մեծ Ամբաստանողէն կը պաշտպանուի աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ ասոր համար է որ խնդրեց հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին աղօթել վարդարանը, եւ դիմել Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին ու Տիրամօր, որպէսզի պահապան կանգնի Մայր Եկեղեցւոյ։

Շարունակենլ աղօթել եկեղեցւոյ համար

Քահանայապետը խնդրեց որ աղօթքները շարունակուին այս դժուար պահու ընթացքին ուր Մեծ Ամբաստանողը մեզ կ՛օգտագործէ մեղադրելու համար Մայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց ըսելով «Այժմ Սուրբ Հոգին մեզի կը նուիրէ այս փաստաթուղթը որպէսզի խոկանք անոր վրայ ու հասկնանք թէ ի՞նչ կ՛ուզէ ըսել մեզի, նաեւ ինծի։ Շնորհակալութիւն բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2018, 08:00