Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոս Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոս 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն նուիրեց «Տոքաթ» ժողովածոն։

Կիրակի 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ սիւնհոդոսի եզրափակիչ սուրb պատարագը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը» նիւթով Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը այս օրերուն կը գումարէ իր եզրափակիչ նիստերը որոնց ընթացքին պիտի ներկայացուի ապա քուէարկութեամբ պիտի ընդունուի սիւնհոդոսական եզրափակիչ զեկոյցն ու սիւնհոդոսական փաստաթուղթը։

Սիւնհոդոսի վերջին օրերերուն օրակագը 

Ուրբաթ 26 հոկտեմբերի առաւօտեան նախատեսուած է «եզրափակիչ զեկոյցը» շարադրող յանձնախումբին ժողովը, մինչ յետմիջօրէին սիւնհոդոսական հայրերը կը գումարեն սիւնհոդոսական 20-րդ նստաշրջանը, որուն առթիւ կ՛ընտրեն սիւնհոդոսի 15-րդ Սովորական  Խորհուրդի անդամները, մինչ շաբաթ  27 հոկտեմբերի առաւօտեան, կը գումարուի սիւնհոդոսական 21-րդ նստաշրջանը որուն առթիւ «եզրափակիչ զեկոյցին» ընթերցումը կը կատարուի, մինչ յետմիջօրէին սիւնհոդոսական հաւաքի  22-րդ նստաշրջանին ընթացքին  սիւնհոդոսական հայրերը քուէարկութեամբ կը վաւերացնեն «եզրափակիչ փաստաթուղթը» ու սիւնհոդոսի նիստերը կ՛աւարտեն «Գոհաբանական աղօթքով»։

Ապա՝ կիրակի 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ սիւնհոդոսի եզրափակիչ սուրբ պատարագը։

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը երիտասարդներուն

Այս առթիւ արժանի է յիշել նաեւ որ անցեալ չորեքշաբթի՝ 24 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սիւնհոդոսի որպէս ունկնդիր մասնակցող բոլոր երիտասարդներուն նուիրեց յատուկ նուէր՝ «Տոքաթ»ը, Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան հայող ժողովածոն որ ներշնչուած է Քահանայապետական ամենակարեւոր փաստաթուղթերէն՝ սկսեալ Լեւոն ԺԳ «Ռերում Նովարում» յորդորագիրէն մինչեւ «Գովեալ ըլլաս» եւ «Սիրոյ ուրախութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորագիրերը։

Քահանայապետը ժողովածոն որակած է «ճանաչողութեան ուղեցոյց» մը յատկացուած քրիստոնեայ երիտասարդներուն։

«Աւետարանը մեզ կ՛օգնէ փոխելու նախ եւ առաջ մենք զմեզ, ապա միջավայրը որուն մէջ կ՛ապրինք, հուսկ համայն աշխարհը։ Արդարեւ Աւետարանի զօրութեամբ մենք կարող ենք փոխել աշխարհը» գրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերոնշեալ «Տոքաթ» ժողովածոյի նախաբանին մէջ որ կը կրէ Քահանայապետին ստորագրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2018, 08:27