Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքի աւարտին արտասանած ողջոյնի խօսքը։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց այսօր նշուող Միսիոներական օրը ու քաջալերեց «Ճանապարհորդութիւնը բաժնեկցիր» ձեռնարկը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Կիրակի 21 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց ուխտաւորներուն ըսելով.

Նոր Երանելի

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր երեկ Մալակայի մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Յիսուսեան քահանայ Հայր Թիպուրցիօ  Մունոսը՝ Հիմնադիրը հողամշակութեան վարդապետութեան առաքեալներ իգական միաբանութեան։ Գոհութիւն մատուցենք Տիրոջ այս հաշտութեան առաքեալին ու Աւետարանը արիաբար քարոզող առաքեալի նուիրական վկայութեան համար։ Անոր օրինակը մեզ մղէ ըլլալու ողորմութեան գործիչներ ու արի առաքեալներ՝ բոլոր վայրերուն մէջ։ Անոր բարեխօսութիւնը թիկունք կանգնի մեր ճանապարհորդութեան։

Միսիոներական Համաշխարհային օր

Այսօր կը տօնախմբենք Միսիոներական համաշխարհային օրը «Երիտասարդներուն հետ միասին Աւետարանը տանինք բոլորին» բնաբանով։ Երիտասարդներուն հետ, այս է ճանապարհը։ Ու իրականութիւնը որ, Փառք Աստուծոյ, այս օրերուն կը փորձարկեն անոնց նուիրուած սիւնհոդոսին առթիւ, ունկնդրելով երիտասարդները ու զանոնք ներգրաւելով, երիտասարդներու բազմաթիւ վկայութիւններէն բացայայտեցինք թէ անոնք Յիսուսին մէջ գտան իրենց կեանքին իմաստն ու ուրախութիւնը։ Եւ յաճախ Անոր հանդիպեցան շնորհիւ այլ երիտասարդներու որոնք մաս կը կազմեն եղբայր ու քոյր հասարակութեան որ է Եկեղեցին։ Աղօթենք որպէսզի նոր սերունդներուն չի պակսի հաւատքին հռչակումը ու կոչումը՝ Եկեղեցւոյ առաքելութեան համագործակցելու։

«Ճանապարհորդութիւնը բաժնեկցիր» ձեռնարկը

Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ապա Հրապարակը գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբեր հուսկ յատուկ ողջոյն ուղղեց նաեւ Միջազգային Քարիթասի խումբին, որոնք, ըսաւ Ան, առաջնորդութեամբ Կարդինալ Թակլէին ու մի քանի եպիսկոպոսներու ու աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած մարդոց, փոքրիկ ուխտագնացութիւն մը կատարիցն Հռոմի մէջ, արտայայտելու համար միասին քալելու իղձը, սորվելով աւելիով իրար ճանչնալ»։

«Կը քաջալերեմ սոյն ձեռնարկը «բաժնեկցելու ճանապարհը» որ կազմակերպուած է բազմաթիւ քաղաքներու մէջ եւ որ կարող է փոխել մեր վերաբերմունքը գաղթականներուն նկատմամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2018, 12:34