Որոնել

Հոկտեմբեր 2018-ի Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը. «Կրօնաւորներու առաքելութիւնը»։

Աղօթենք որպէսզի կրօնաւորները վերազարթնեն իրենց միսիոներական եռանդը։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 15 հոկտեմբեր 2018-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր  ամսուայ հայող Քահանայապետական դիտաւորութեան նիւթը՝ նուիրուած օծեալներու առաքելութեան։

Այս առթիւ հրապարակուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը որուն մէջ Ան հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն աղօթելու «օծեալներու – կրօնաւորներու» դիտաւորութեան համար, որպէսզի անոնց մէջ վերածնի «միսիոներական եռանդը»։

Ունկնդրէ լուրը

«Իրենց աղօթքով, աղքատութեամբ ու համբերութեամբ, կրօնաւորները հիմնական են Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  պատգամին մէջ աւելցնելով թէ «ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց, այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունինք անոնց ամբողջական նուիրումին՝ ի նպաստ Աւետարանի հռչակումին»։

Թոյլ չի տանք որ խլուի միսիոներական  խանդավառութիւնը եւ աղօթենք որպէսզի կրօնաւորները վերազարթնեն իրենց միսիոներական եռանդը ու միշտ ներկայ ըլլան աղքատներու ու բացառուածներու կողքին ինչպէս նաեւ ձայն չունեցողներուն միջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 15:00