Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Մատակասքարի երիտասարդներուն:

Մատակասքարի մէջ երիտասարդներու հաւաքի առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, հոկտեմբեր 14-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Մահանժակա քաղաքին մէջ կայացած «Մատակասքար 9» երիտասարդներուն հաւաքին փակման արարողութեան առթիւ։ Հաւաքը սկիզբ առած էր 8 հոկտեմբերին։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելով երիտասարդները ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Դուք կը գտնուիք իմ եւ սիւհնոդոսի եպիսկոպոսներուն սիրտին մէջ, որովհետեւ մեր ուշադրութիւնը ձեր եւ սիրելի երիտասարդներուն վրայ կեդրոնացած է»:
Անդրադառնալով հաւաքին մասնակցող երիտասարդներուն, «որոնք ժամանած են կղզիի զանազան անկիւններէն մասնակցելու համար «Մի վախնար Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ մօտ շնորհքը գտար» նիւթով հաւաքին, Սրբազան Պապը նկատել տուաւ, որ Հրեշտակին Տիրամօր այդ խօսքը , այսօր ուղղուած է բոլորիս, իւրաքանչիւրիս:« Աստուած, ինչպէս Տիրամօր նայեցաւ եւ Անոր պարգեւեց իր շնորհքը, կը նայի ձեզի գորովով, յարգանքով եւ քնքշութեամբ» , ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «Աստուած կը ճանչնայ ձեր վախերը, ձեր դերութիւնները: Աստուծոյ հետ ամնէ ինչ կարելի է : Տիրամայրը ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ դրաւ, կատարեցէք Անոր նման, ընկալեցէք Աստուծոյ այս պարգեւը, լաւապէս բանալով ձեր սիրտերը:» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա աւելցուց, «Աստուծոյ շնորհքը գանձ մըն է, զոր դիւրինութեամբ կրնանք մոռնալ, որովհետեւ Աստուած երբեք չի պարտադրեր: Ան միշտ կ՝ըսէ եթէ կ՝ուզես, եթէ կը հաճիս։ Ժամանակ տրամադրեցէք ՝ անսալու Աստուծոյ հրաւէրին եւ ամբողջ սրտով եւ վեհանձնութեամբ պատասխանելու Անոր»յանձնարարեց Սրբազան Հայրը յորդորելով երիտասարդները «չկզիանալ եւ չառանձնանալ։ Եկեղեցին մեծ ընտանիք մըն է, որուն մէջ միշտ պիտի գտնէք զօրակցութիւն, սփոփանք, այնպէս ալ ժողովրդապետութիւններուն մէջ, աղօթքի, սուրբ խորհուրդներուն ու բարեկամութեան միջոցաւ, ինչպէս նաեւ, քահանաներուն եւ այլ մկրտեալներուն առաջնորդութեամբ»:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց երիտասարդները, երթալու ու ամենուրեք բոլորին հռչակելու, որ Յիսուս կը սիրէ ու ամէն վախ կը փառատէ: Ապա քաջալերեց զանոնք իրականացնելու իրենց երազները եւ միշտ աշխատիլ, կառուցելու համար իրենց ու իրենց ազգին ապագան, փնտռելով միշտ բոլորին բարիքը:
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով «Ձեզ բոլորդ կ՝առաքեմ, խաղաղութեան եւ յոյսի որպէս պատգամաւորներ, այն քաղաքներուն մէջ, ուր կ՝ապրիք ու կը գործէք: Աստուած ձեզ օրհնէ եւ օրհնէ ձեր ընտանիքները։ Կ՝աղօթեմ ձեզի համար ու ձեզմէ կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի եւ սիւնհոդոսի բոլոր եպիսկոպոսներուն համար։ Ցտեսութիւն:»
 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2018, 11:30