Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամները:

Երիտասարդութիւնը հարստութիւն է եւ պտղաբեր բոլորին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յղած է երկու պատկերասփռուած պատգամներ:

Առաջինը, Չիլէի մէջ դէպի Սրբուհի Թերեզա Տէ Լոս Անտես Տիրամօր սրբավայր կատարած երիտասարդներու ուխտագնացութեան մասնակիցներուն:

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատած է, թէ դէպի բան մը կան վայր մը ընթանալու ուղեւորութիւնը, երիտասարդներուն յատուկ իրողութիւն մըն է ՝ երազանքներուն, ծրագիրներուն, սիրոյ ուղիին վրայ: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնած է երիտասարդներուն տուած հաւատքի վկայութեան համար դիտել տալով որ երբ երիտասարդ մը չդիմեր ուղեւորութեան մը, ան շատ շուտ կը ծերանայ :

Երկրորդ պատկերասփռուած պատգամը, Սրբազան Հայրը յղած է Հնդկաստանի Տելհի քաղաքին մէջ, 21 հոկտեմբերին ընթացք առած, Հնդկաստանի կաթողիկէ երիտասարդութեան մասին գումարուած առաջին ազգային համագումարին մասնակիցներուն:

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յորդորած է երիտասարդները, միշտ բեղուն դարձնել իրենց կեանքը՝ ի նպաստ բոլորին եւ երբեք չմոռնալ, որ երիտասարդութիւնը հարստութիւն է եւ պտղաբեր բոլորին: Սրբազան Հայրը քաջալերած է երիտասարդները, դիտել տալով որ անոնց ապագան ու ներկան իրենց ձեռքերուն մէջ կը գտնուի, այնուհետեւ պէտք չէ երբեք յուսահատիլ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2018, 13:32