Ինտոնեզիոյ մէջ քաղաքացիական ընկերութեան մը օդանաւի արկած Ինտոնեզիոյ մէջ քաղաքացիական ընկերութեան մը օդանաւի արկած  

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Ինտոնեզիոյ մէջ օդանաւի մը արկածին ի լուր:

Օդանաւի բոլոր ճամբորդները մահացած են:

Ինտոնեզիոյ մէջ քաղաքացիական ընկերութեան օդանաւի մը ջախջախումին ի լուր, որուն պատճառաւ կան աւելի քան 180 մեռեալներ, երկուշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին, Ինտոնեզիոյ մէջ պապական նուիրակին յղած ցաւակցագիրին  մէջ գրած է

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իմանալով Ճակարդա քաղաքի մէջ պատահած օդանաւի արհածին լուրը, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ողբերգական աղէտի թիրախ բոլոր զոհերուն:

Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքները կ՝ապաովհէ բոլոր զոհերուն եւ անոնց սիրելիներուն ու անոնց մահը ողբացողներուն: Ֆրանչիսոկ Պապ, Ինտոնեզիոյ ազգին եւ բոլոր անոնց որոնք ներգրաւուած են որոնողական եւ շտապ օգնութեան աշխատանքի մէջ, Ամենկալէն կը հայցէ Աստուածային խաղաղութիւնն ու զօրութիւնը: գրուած է ցաւակցագիրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2018, 13:49