«Սքալապրինի» միաբանութեան անդամներուն  հետ հանդիպում «Սքալապրինի» միաբանութեան անդամներուն հետ հանդիպում 

Ֆրանչիսկոս Պապին գրաւոր խօսքը. «Սքալապրինի» միաբանութեան անդամներուն։

«Միաբանական ժողովը հոգեւոր ընտանիքի կեանքին մէջ շնորհքի իւրայատուկ պահ է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 29 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց՝  Սուրբ Քարլոյի Միսիոնարներ՝ «Սքալապրինի» միաբանութեան  միաբանական ժողովի մասնակցողներուն։

Նորին Սրբութիւնը միաբանութեան մեծաւոր հօր յանձնելով այս առթիւ պատատած գրաւոր ճառը սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն։  Գրաւոր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկած էր ժողովի բնաբանին՝ հանդիպում եւ ուղեւորութիւն, ներշնչուած Ղուկաս Աւետարանիչի հետեւեալ խօսքէն «Յիսուս կը քալեր անոնց հետ» այսինքն Էմմաւուս գացող աշակերտներուն հետ։

«Միաբանական ժողովը հոգեւոր ընտանիքի կեանքին մէջ շնորհքի իւրայատուկ պահ է» նշած էր Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ մէկը նաեւ առիթ է որոնելու  աւետարանութեան ու մօտիկութեան նոր ուղիներ՝  իրագործելու համար միաբանութեան «շնորհապարգեւը» որ է ծառայել գաղթականներուն։

Աւետարանումի առաքելութիւնը գաղթականութեան ծիրէն ներս

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց գաղթականութեան երեւոյթին զայն նկատելով ընդարձակ ու խրթին, որուն ծիրէն ներս միաբանութիւնը կը կատարէ իր առաքելութիւնը գաղթականին տանելով Քրիստոսին սէրը։ «Աւետարանումը կը կատարուի քալելով մարդոց հետ միասին, ինչպէս ըրաւ Յիսուս Էմմաուսի աշակերտներուն հետ» նշեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ այս  ծիրէն ներս ամենէ առաջ պէտք է ունկնդրել մարդիկը, անսալ անոնց ու անոնց հասարակութիւններու պատմութիւններուն, յուսախաբ յոյսի, սրտի սպասումի, ու հաւատքի փորձութիւններու պատմութիւններուն։

Բաժնեկցիլ ու Հացը բեկանել

Ունկնդրութիւնէն ետք հարկաւոր է Յիսուսին նման պարգեւել՝ Խօսքը ու բեկանուած հացը։ «Գաղթականներուն հետ Աստուծոյ Խօսքը կիսել ու զայն ընկալել որպէս պարգեւ ուր կը բացայայտուի թէ Ատուած բոլոր մարդոց կ՛ուզէ պարգեւել  փրկութեան, յոյսի, ազատագրումի ու խաղաղութեան Խօսքը, ապա հրաւիրել զանոնք Սուրբ Հաղորդութեան սեղանին ուր Աստուծոյ Որդին՝ իր Մարմինն ու Արիւնը կը պարգեւէ պանդուխտի կեանքին համար ու բոլոր անոնց համար որոնք կ՛ապրին յոյսը կորսնցնելու վտանգը։  Յարուցեալ Քրիստոսը ձեզ կ՛ուղարկէ այսօր եւս քալելու համար եղբայրներու ու քոյրերու կողքին, որոնք որպէս գաղթականներ իրենց ճանապարհորդութիւնը կը կատարեն  Երուսաղէմն դէպի Էմմաւուս։ Հին ու նոր առաքելութիւն մը, դժուար ու յաճախ ցաւալի, սակայն՝ կարող է նաեւ ուրախութեան լաց հրահրել» նկատել տուաւ  Քահանայապետը  քաջալերելով ներկաները յառաջ տանելու այդ առաքելութիւնը իրենց հիմնադիրի իւրայատուկ  «ոճով» ուր մարդու արժանապատուութիւնը կը գրաւէ յատուկ տեղ մը։

Միացած մնալ Յիսուսին հետ 

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղեց ներկաներուն որ չի մոռնան թէ Եկեղեցւոյ ամէն մէկ առաքելութեան պայմանը կը հիմնուի Յարուցեալին հետ միութեան վրայ ու ասկէ մեկնելով խրատեց՝ թոյլ տալ Խօսքին ու Հաղորդութեան մէջ գտնուող Յիսուսին, որ վերանորոգէ մեզ հաւատքի եւ յոյսի մէջ ու վերանորոգուինք նաեւ խոստովանանքի խորհուրդին մէջ։

«Մենք կարիքն ունինք Տիրոջ հետ մնալու խոկումի լռութեան մէջ, մտածականի, ու սուրբ վարդարանի աղօթքին մէջ» յարեց ապա Նորին Սրբուիւնը  ու աւելցուց «պէտք ունինք նաեւ հասարակական առողջ կեանքի մը», հուսկ քաջալերեց շարունակել աշխարհականներուն հետ բաժնեկից ուղեւորութիւնը՝ դիմագրաւելու համար ժամանակակից մարտահրաւէրները։

Գրաւոր ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը հայցելէ ետք Սուրբ Կոյս Մարիամին, Սուրբ Քարլօ Պորրոմէոյի եւ Երանելի Ճովաննի Պաթթիսա Սքալապրինիի բարեխօսութիւնը,   Սքալապրինեան միաբանութեան բոլոր անդամներուն  շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, ու խնդրեց որ  չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2018, 12:00