Սուրբ Գիրք Սուրբ Գիրք 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ամերիկեան Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան անդամները:

Աստուծոյ խօսքը մեր կեանքի ուղղութիւնը կը կողմնորոշէ միշտ Աստուծոյ ուղղութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9,00ին, Վատիկանի «Պօղոս Զ Փոքրիկ դահլիճ» անուան սրահէն ներս,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Ամերիկեան Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան 40 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկեան Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան ծաւալած գործունէութեան համար: Ան ապա քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները բազմապատկելու «Աստուծոյ խօսքի միջոցաւ մարդոց կեանքը փոխակերպող» իրենց յանձնառումը, դիտել տալով որ Աստուծոյ խօսքը,  իսկապէս զօրութիւնն ունի կեանքը փոխակերպելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընկերակցութեան անդամներուն մաղթեց, որ Սուրբ Գիրքը միշտ ընկալեն անոր թանկարժէք իւրայատկութեան մէջ, նկատել տալով, որ ոչ մէկ գիրք ունի անոր զօրութիւնը եւ Խօսքի խորհրդածութեամբ կը Ճանչնանք զայն ներշնչողը՝ Սուրբ Հոգին:

«Խօսքը, լոկ սուրբ Հոգիով է, որ կրնանք իսկապէս ընկալել, ապրիլ եւ հռչակել,  որովհետեւ Սուրբ Հոգին, յիշել կու տայ այն ինչ որ Յիսուս աւետեց  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց, թէ Աստուծոյ խօսքը սուրի նման է։ Ան կը մխրճուի խորերը ապա լոյս կ՛ընծայէ հոգիին խաւար մասերուն։

Ւ վերջոյ «Աստուածային խօսքը կը զատորոշէ մտածումներն ու զգացումները» յարեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ Կեանքի Բանը՝ է նաեւ ճշմարտութիւն ու անոր խօսքը մեր մէջ ճշմարտութիւնը կը յայտնաբերէ, ջնջելով կեղծիքներն ու կեղծաւորութիւնները :

«Սուրբ Գիրքը կը շարունակէ մեր կեանքը մղել՝ Աստուծոյ ուղղութեամբ կողմնորոշելու։ Ան մշտապէս նորութիւններ կը բերէ» հաստատեց Քահանայապետը ապա ներկաներուն բարի մաղթութիւններ փոխանցելով խնդրեց , որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 10:32