Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի զրուցէ տարեցներու եւ երիտասարդներու հետ։

«Ժամանակի իմաստութիւնը բաժնեկցիր» նոր դաշինք տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 23 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի 4-ին, Հռոմի «Աուկուսթինիանում» հաստատութեան մօտ, Երիտասարդներու հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ծիրէն ներս, տեղի կ՛ունենայ «Ժամանակի իմաստութիւնը» խորագիրով յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին նախատեսուած է Քոլոմպիայէն, Իտալիայէն, Մալթայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած խումբ մը երիտասարդներու ու տարեցներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը։ Տարեցներու շարքին է նաեւ աշխարահռչակ Ռեժիսսոր Մարթին Սքորսեզէն։

Ձեռնարկը՝ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Փանամայի Արքեպիսկոպոսը՝ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթա եւ Հայր Անթոնիօ Սփատարօ՝ Յիսուսեաններու «Չիվիլթա Քաթթոլիքա» պարբերաթերթին տնօրէնը, ներկայացումն է համընդհանուր մէկ ծագրի մը որուն նպատակն է սերունդներու միջեւ նոր դաշինք մը հաստատել։ Ծրագիրի ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ ինը լեզուներով հրապարակուելիք գիրգի մը հրատարակութիւնը։

«Ժամանակէ ի վեր սրտիս մէջ ունիմ գաղափար մը։ Կը զգամ թէ Տէրը կ՛ուզէ որ ես այս ըսեմ. թող նոր դաշինք մը ստեղծուի տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ» Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն ներշնչումի վրայ հիմնուելով  է որ ծնունդ առաւ վերոնշեալ «Ժամանակի իմաստութիւնը բաժնեկցիր» խորագիր կրող ծրագիրը։

Երիտասարդներու եւ տարեցներու հետ հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ ժամը 16-ին, «Իմաստութեան դէմքեր» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ ու Հռոմի երգչախումբի ելոյթով որմէ ետք խօսք կ՛առնեն Գերապայծառ Ուլլոա Մենտիեթան որ է նաեւ Փանամայի մէջ կայանալիք 2019-ի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահը եւ Հայր Անթոնիօ Սփատարոն ապա տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին ու հաւաքին ներկայ գտնուող  տարեցներուն ու երիտասարդներուն միջեւ զրոյցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 10:07