Ֆրանչիսկոս Պապին սրտաբուխ պատգամը Պրազիլի ժողովուրդին:

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Պրազիլի Ժողովուրդը Ափարեստիա Տիրամօր տօնին առիթով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 11-ին, Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսներու սիւհնոդասական նիստի մը ընթացքին, Պրազիլի «Իմբերաթրիզ» թեմի եպիսկոպոսը, Պրազիլի մէջ Ափարեսիտա Տիրամօր տօնին առիթով,  որ կը յիշատակուի՝ այսօր ուրբաթ 12 հոկտեմբերին, նկարահանած է Ֆրանչիսկոս Պապը,  ընկերակցութեամբ սիւհնոդոսի որպէս ունկիդր մասնակցող Պրազիլցի երիտասարդի մը հետ, իր ձեռքին մէջ կրած Ափարեստիայի Տիրամօր փոքրիկ արձանիկ մը: Սրբազան Հայրը  սպաներէն լեզուով ողջունեց ու շնորհաւորեց Պրազիլցի ժողովուրդը:

Իր ուղղած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց, որ իւրաքանչիւր Պրազիլցի կարենայ Տիրամօր հանդիպիլ իր սրտին մէջ նման այն ձկնորսներուն, որոնք գետին մէջ յայտնաբերեցին ու հանդիպեցան Տիրամօր: Քահանայապետը ապա քաջալերեց Պրազիլի ժողովուրդը, որ իրենց սրտերուն մէջ փնտռեն Տիրամայրը, նկատել տալով որ Տիրամայրը մեր Մայրն է ու առաջնորդ բոլորին: Սրբազան Հայրը սրտաբուխ խօսքը աւարտեց Պրազիլի ժողովուրդէն խնդրելով,  որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 11:25