Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը Լեհ հաւատացեալներուն:

«Մի վախնաք, ընդհակառակը բացէք ձեր դռները Քրիստոսին» Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին խօսքը միշտ այժմէական կը նկատուի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 17-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող զանազան երկիներէ ժամանած ուխտաւորները, Լեհաստանէն ժամանած հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ.

Երէկ՝ ամբողջացան, Քարոլ Վոթիլային, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուելուն 40 տարիները: Սուրբ ՅԲՊ Պապին գահակալութեան առթիւ արտասանած խօսքը միշտ այժմէկան է «մի Վախնաք, ընդհակառակը բացէք ձեր դռները Քրիստոսին» - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խրախուսելով Լեհ հաւատացեալները, որ Սուրբ ՅՊԲ-ի յիշեալ խօսքերը շարունակեն ներշնչումի աղբիւր հանդիսանալ իրենց անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին, ինչպէս նաեւ քաջալերանք ըլլայ, հաւատարմութեամբ Քրիստոսին հետեւելու եւ Անոր ներկայութիւնը նկատել տալու աշխարհի եւ այլ մարդուն մէջ, յատուկէն օգնութեան կարիք ունեցող եւ աղքատ մարդոց մէջ:

«Մարդը, ինչպէս ուսուսանեց, Լեհաստանի նահապետներէն եկող Պապը, եկեղեցւոյ ուղին է:» Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2018, 12:25