«Ժամանակի իմաստութիւնը» «Ժամանակի իմաստութիւնը»  

«Ժամանակի իմաստութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապը տարեցներու ու երիտասարդներու հետ երկխօսութեան մէջ։

«Ժամանակէ ի վեր սրտիս մէջ ունիմ գաղափար մը։ Կը խորհիմ թէ Տէրը կ՛ուզէ որ ես այս ըսեմ. թող նոր դաշինք մը ստեղծուի տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Դէպի ապագայ քալելու համար կարիքը կայ խոր արմատներու, կարիքը կայ յիշողութեան, կարիքը կայ քաջութեան եւ առողջ ցնորքի մը։ Ահա թէ ինչ կ՛ուզեմ. աշխարհ մը որ ապրի նոր ողջագուրում  մը՝ երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ»։ Այս է ահա 2018-ի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին առթիւ առաջարկուած «Ժամանակի իմաստութիւնը» ձեռնարկի կորիզը,  որուն առթիւ պիտի հրապարակուի նաեւ գիրգ մը որուն մէջ պարունակուած են  30 երկիներէ 250 դերակատարներու հետ հարցազրոյցներ ու կեանքի պատմութիւններ ու այդ պատմութիւններուն՝ Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնաբանութիւնները։

Համընդհանուր ձեռնարկ մը սերունդներու միջեւ նոր դաշինքի մը համար, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպադրումը տարեցներուն ու երիտասարդներուն հետ եւ որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 23 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի 4-ին, Հռոմի «Ակուսթինիանում» հաստատութեան մօտ։ Սոյն հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Փանամայի Արքեպիսկոպոսը՝ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթա որ է նաեւ Փանամայի մէջ կայանալիք 2019-ի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահը, ինչպէս նաեւ Հայր Անթոնիօ Սփատարօ՝ Յիսուսեաններու «Չիվիլթա Քաթթոլիքա» պարբերաթերթին տնօրէնը։

«Ժամանակէ ի վեր սրտիս մէջ ունիմ գաղափար մը։ Կը խորհիմ թէ Տէրը կ՛ուզէ որ ես այս ըսեմ. թող նոր դաշինք մը ստեղծուի տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ» Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն ներշնչումի վրայ հիմնուելով  է որ ծնունդ առաւ «Ժամանակի իմաստութիւնը» ծրագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2018, 09:58