Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Ռոզմինիանի «սիրոյ» միաբանութեան անդամներուն:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է սրբութեան, եւ միասնաբար ընթանալու այս սիրոյ ուղիին վրայէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 1-ին, առաւօտեան, Վատիկանի «Պապերու» անուան սրահէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց «Ռոզմինիանի» եղբայրսիրութիւն հաստատութեան անդամները, միաբանութեան գումարած տարեկան ընդհանուր նիստին առիթով: Անոնց ուղղած պատգամի մէջ, Նորին Սրբութիւնը միաբանութեան անդամներուն այցելութիւնը նկատեց Ռոզմինիանի Միաբանութեան՝ Սուրբ Աթոռի եւ Եկեղեցւոյ հետ կապուածութեան արտայայտութիւնը, ընդզծելով որ սա է միաբանութեան հիմնադիրին՝ Երանելի Անթոնիօ Ռոզմինի նպատակէտը:

Անդրադառնալով յիշեալ ընդհանուր նիստի նիւթին, որ է «ըլլալ ողորմածներ, ըլլալ կատարեալներ» Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է Սրբութեան, կանչուած է սիրոյ մէջ միասնաբար ընթանալու այս ուղիէն, նկատել տալով, որ միաբանութեան «սիրոյ հաստատութիւն» անուանակոչումը, միաբանութեան հիմնադիրին կամքը եղած է, ի յայտ դնելու համար սիրոյ առաքինութեան վսեմութիւնը, ապա յիշելց Պօղոս առաքեալին խօսքը որ «սէրը պէտք է դասուի ամէն բանէ վեր» հաստատելով թէ սա է պտուղ եւ սրբութիւն արտադրող ուղին, սա է նաեւ եկեղեցւոյ առաջարկած ուղին որուն վրայէն ընթացան բոլոր սուրբերը:

Սրբազան Հայր ապա միաբանութեան անդամները խրախուսեց մշակելու նիւթական, մտաւոր, հոգեւոր ինչպէս նաեւ հովուական գործունէութիւններ , ընդմիշտ ընդառաջելու համար, Սուրբ Հոգիին, որ ցոյց կու տայ «երբ եւ ինչպէս սիրել»: Ան քաջալերեց կրօնաւորները, որ աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ մատուցած իրենց ծառայութիւններուն մէջ իրեն ձեռքերը բանան տառապողներու դիմաց, անոնց փոխանցելու համար սիրոյ եւ հաւատքի շտապ օգնութիւնը:

Սրբազան Հայր եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով կրօնաւորները, որ իրենց ժառանգած հոգեւոր եւ վարդապետական աւանդութիւնները միշտ յարատեւութեամբ առաջարկեն, եւ վստահելով Աստուծոյ ու Սուրբ Հոգւոյն վրայ, վերանորոգուած սլացքով, շարունակեն ուրախութեամբ կատարել իրենց յանձնուած Աստուծոյ յոյսի առաքելութիւն::

Հայցելով բոլորին համար Աստուածամօր հովանին, Սրբազան Հայրը բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2018, 11:14