Խաղաղութեան կամուրջներ Խաղաղութեան կամուրջներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կրօնները թող հետապնդեն խաղաղութեան ուղիները:»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդգծած է կրօններուն՝ խաղաղութեան կամուրջներ ըլլալու դերակատարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի հոկտեմբեր 14-ին, Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «խաղաղութեան կամուրջներ, կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ» բնաբանով» Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան ձեռնարկած տարեկան միջկրօնային համաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան կրօնապետեր, որոնց շարքին՝ Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ իմամ Ահմատ ալ Թայյեպ, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի օրթոտոքս Ասորիներու պատրիարք Գերերջանիկ Իգնատիոս Աֆրեմ Բ Պատրիարքը։ Ժողովին կը մասնակցի նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը։
Վերոնշեալ ձեռնարկի բազման արարողութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, համաժողովի մասնակից կրօնապետերուն յղած պատգամին մէջ, ընդգծած է կրօններուն՝ խաղաղութեան կամուրջներ ըլլալու դերակատարութիւնը, նկատել տալով, որ եթէ կրօնները չհետապնդեն խաղաղութեան ուղիները իրենք զիրենք հերքած կ՝ըլլան։ Ան ապա կոչ ուղղած է աշխարհի կրօններուն, հաւատարիմ գտնուելու իրենց խաղաղութեան կառուցողներ ըլլալու դերին։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Սան էճիտիոյ հասարակութեան սոյն ձեռնարկը նկատած է «կարմիր գիծ մը», որ տարիներու հոլովոյթին կը շարունակէ վկայել հրամայականը՝ անյապաղ միասնաբար աղերսելու խաղաղութեան պարգեւները։
Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատած է, որ կրօններու դերակատարութիւնն է, յանուն Աստուծոյ կամուրջներ կառուցել, մտահոգութիւն յայտնելով որ բազմազանութիւնները մէկը միւսին հակառակ չի դնեն, որովհետեւ այն սիրտը, որ իսկապէս կը հաւատայ կը խրախուսէ միշտ ամենուրեք բանալ հաղորդութեան ուղիներ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւհնոդսոսին, անհրաժեշտ նկատեց, երիտասարդներուն ներգրաւուածութիւնը, «որպէսզի աճին խաղաղութեան դպրոցին մէջ ու դառնան խաղաղութեան դաստիարակիչներ ու կառուցողներ»։ Աշխարհը որուն մէջ կ՛ապրին յաճախ կը յայտնուի որպէս թշնամի անոնց ապագային նկատմամբ ու բռնատէր տկարներուն հանդէպ, անոնցմէ շատեր ականատես չեն եղած խաղաղութեան ու այլ շատեր չէն գիտեր ինչ ըսել է արժանավայել կեանք ապրիլ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ու պատգամին աւարտին խրախուեսլով հաւատացեալները «անսալու իրենց սրտերէն բխած խաղաղութեան ճիչին» ու միասին կառուցելու ապագան», Սրբազան Պապը Սանդ Էճիտիոյ հասարկաութեան ձեռնարկը կը նկատէ շիտակ ուղի , այն է «տարբեր դաւանաքներուն եւ սերունդներուն, այր մարդեր ու կիները մէկը միւսին քով համախմբել» բացայայտելու համար թէ «Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի է միասին կառուցել խաղաղութիւնը։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 09:54