Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահն ու անոր կողակիցը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահն ու անոր կողակիցը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահը:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները կայացած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին քահանայապետ ընտրուելու 40-րդ տարեդարձին շրջագիծէն ներս:

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր, 15-ին առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահ ՝Վսեմաշուք տիար Անտրզէժ Տուտան ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը: Նորին Սրբութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Լեհաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն ընկերացած է Վատիկանի այլ Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակերը:

Այս մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրեասնեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ , սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները կայացած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին քահանայապետ ընտրուելու 40-րդ տարեդարձին շրջագիծէն ներս, որուն ընթացքին ընդգծուած են քրիստոնեաներուն արժէքները՝ Լեհաստանի պատմութեան մէջ յատուկէն երկրի կրօնային, մշակութային ինքնութեան կազմաւորումի գործընացէն ներս: Քննարկումի նիւթ եղած է երկուստեք հետաքրքրող հարցեր, ինչպէս ընտանիքի եւ հիւրընկալութեան խթանումը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ վերոնշեալ հանդիպումի ընթացքին, զրոյցներու նիւթ եղած է նաեւ, եւրոպական համալրման գործընթացէն ներս Լեհաստանի ներդրումը, ինչպէս նաեւ միջազգային բեմը յուզող հարցեր, Ուքրանիոյ մէջ արձանագրուած բախումները, Միջին արեւելքի իրավիճակը եւ գաղթականութեան հայող հարցերը: Ի վերջոյ շօշափուած են արարչագործութեան պահպանումի հայող նիւթեր, ի տես յառաջիկայ դեկտեմբեր ամսոյն- Քաթովիչ քաղաքին մէջ գումարուելիք միացեալ ազգերուն կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող համագումարին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 13:09