Ֆրանչիսկոս Պապն ու Քորէայի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապն ու Քորէայի նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քորէայի նախագահը։

Գնահատուեցան Սուրբ Աթոռին ջանքերը Քորէացիներու միջեւ երկխօսութեան ու հաշտութեան խթանումի ծիրէն ներս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 18 հոկտեմբերի 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւնն շնորհեց Քորէայի  հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Մուն Ժայեյին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ու անոր ընկերացող Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քորէայի հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները ու ընդգծուեցաւ Եկեղեցւոյ  դրական սատարը՝  ընկերային, դաստիարակչական ու առողջապահական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ Քորէացիներու միջեւ երկխօսութեան ու հաշտութեան խթանումի ծիրէն ներս։

Գնահատանք արտայայտուեցաւ նաեւ միասնական յանձնառումին՝ ի նպաստ այն օգտակար նախաձեռնութիւններուն որոնք կը մտին յաղթահարել Քորէական թերակղզիին մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնները, զարկ տալու համար խաղաղութեան ու զարգացումի նոր շրջանի մը։

Ի վերջոյ արծարծուեցան տարածաշրջանային բնոյթ ունեցող հարցեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 15:40