Հոկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս  ամէն ամսուայ սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հրապարակէ լսատեսողական պատգամ մը որով հաւատացեալներուն կը յայտնէ այդ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։ Սոյն պատգամները կը հրապարակուին «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի» միջոցաւ։

Հոկտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն՝ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու Սուրբ Վարդարանը ի դէմ սատանային որ՝ կ՛ըսէ Սրբազան Հայրը, ամէն փորձ կը կատարէ եկեղեցւոյ մէջ բաժանումներ ստեղծելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Սատանան կը յայտնուի մեծ իշխանութեամբ, քեզի կը բերէ նուէրներ սակայն դուն չես գիտէր ինչ կայ այդ նուէրներուն մէջ։

Կը նորոգեմ հրաւէրս բոլորին, Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին ամէն օր աղօթելու Սուրբ Վարդարանը, աւարտելով զայն «Քու պաշտպանութեանդ կ՛ապաւինինք»  Տիրամօր աղօթքով եւ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին ուղղուած աղօթքով, որպէսզի ետ մղենք սատանային յարձակումները՝ որ կ՛ուզէ եկեղեցին բաժնել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակուած լսատեսողական պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2018, 08:00