Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Փասիոնիստ» միաբանութեան անդամներուն:

Փասիոնիստ միաբանութեան երանելիներն ու սուրբերը, արտայայտութիւնն են միաբանութեան արդիւնաբեր շնորհապարգեւին եւ ներշնչումի աղբիւր՝ միաբանութեան առաքելական որոշումներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճէն ներս, երկուշաբթի, հոկտեմբեր, 22-ին՝առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու «Փասիոնիտ» միաբանութեան, աւելի քան 100 անդամներ, միաբանութեան գումարած տարեկան ընդհանուր ժողովին առթիւ որուն նիւթը հանդիսացաւ «Վերանորոգել մեր առաքելութիւնը, երախտագիտութիւնը, մարգարէութիւնն ու յոյսը»:

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ միաբանութեան ընդհանուր ժողովի նիւթի երեք բառերուն, նկատելով զանոնք միաբանութեան միսիոնարական հոգիի վերանորոգումի խրախուսանք  ու առաջադրանք անոնց հասարակութեան նոր ուղիի կազմաւորման, հիմնուած՝ առօրեայ կեանքի վրայ:

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց միաբանութեան հիմնադիր «Սան Փաուլօ Տելլա Քրոչէ»-ին, ու միաբանութեան նպատակէտին, որ է «Փասոյինիթներու» հասարակութիւնները, դարձնել աղօթքի դպրոցներ՝ Աստուծոյ հետ փորձառութիւնը ապրիլ կարենալու համար, դիտել տալով որ Սան Փաուլօ, միաբանութեան հիմնադիրը, իր ժամանակաշրջանի խաւար եւ յուսաբեկ պայմաններու մէջ, իր սրբութիւնը ապրեցաւ ուրախութեամբ ու անդորրութեամբ, դպչելով իր հետ հանդիպողներու սրտերուն:

Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ Աստուծոյ Սէրը Փասիոնիտներու առաքելութեան ու կեանքի կեդրոն կը նկատուի եւ միաբանութիւնը յատկանշուածէ Աստուծոյ չարչարանքներու յիշատակը վառ պահելու մէջ, քաջալերեց «Փասոինիտ» միաբանութեան անդամները, դառնալու ամոքումի եւ համերաշխութեան հոգեւոր կղերականներ, որուն շատ կարիքը ունի ժամանակից, հին եւ նոր վէրքերով բնութագրուած մեր աշխարհը – ըսաւ Ան ապա անդրադարձաւ միաբանութեան սահմանադրական օրէնքներուն որ է ժողովուրդներուն աւետարանացումը ու վեր-աւետարանացումը, նախընտրելով լքուած վայրերուն մէջ աղքատները, դիտել տալով որ եկեղեցին կարիք ունի քնքշութեամբ խօսող քահանաներուն, որոնք առանց դատապարտելու կ՝անսան՝ եւ ողորմածութեամբ կ՝ընկալեն:

Սրբազան Հայրը շեշտեց որ եկեղեցին այսօր կանչուած է ինքնիրմէ դուրս ելլելու ՝արուարձանները երթալու՝ ըլլայ գոյութենական ըլլայ աշխարհագրական, խրախուսեց միաբանութեան անդամները , ներկայ գտնուելու հոն ուր Աստուծոյ բացակայութիւնը կը զգացուի, նեցուկ կանգնելով բոլոր անոնց որոնք կը տառապին:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ նաեւ որ Փասիոնիստներու միաբանութիւնը, Աստուծոյ ժողովուրդին տուած է սրբութեան բազմաթիւ տիպարները– ինչպէս Սուրբ San Gabriele dell’Addolorata, երիտասարդ մը, որուն Քրիստոսի հետեւելու ուրախութիւնը մինչեւ այսօր խօսուն է երիտասարդներուն:

Միաբնութեան սուրբերն ու երանելիները, արտայայտութիւնն են Փասիոնիստ միաբանութեան արդիւնաբեր շնորհապարգեւին եւ ներշնչումի աղբիւր միաբանութեան առաքելական որոշումներուն- ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց նկատել տալով որ «Փասիոնիստ» միաբանութեան պատգամին պարզութիւնն ու զօրութիւնը, որ է Աստուծոյ սէրը՝ յայտնաբերուած խաչին վրայ, խօսուն է նաեւ ժամանակից ընկերութեան , ընկերութիւն մը որ այլեւս չվստահիր խօսքերուն եւ կը համոզուի լոկ իրողութիւններուն ականատես դառնալով:

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց «Փասիոնիտ» միաբանութեան բոլոր ընտանիքին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 12:30