Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին «SIR» լրատու գործակալութեան տնօրէնին ուղղած պատգամը։

Ժամանակակից աշխարհին մէջ լրագրութիւնը արհեստ մը չէ՝ այլ իսկական առաքելութիւն է ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկան «SIR» լրատու գործակալութեան գործունէութեան 30 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է գործակալութեան տնօրէն՝ Տիար Վինչենցօ Քորրատոյին որուն մէջ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցելէ ետք հրաւիրած է երեսուն տարիները չի նկատել  որպէս  ժամանման կէտ այլ որպէս նոր մեկնակէտ, քաջալերելով  շարունակել աշխատանքը հիմնուելով  գործակալութեան հիմնադիր հայրերու գաղափարին վրայ՝ այն է «հաղորդակցութեան գործիք մը դառնալ որպէսզի իրարու կապէ իտալական զանազան վայրերն ու թեմերը, հանդիսանալով հաղորդակցութեան հաղորդութեան համակիր՝ ըլլայ եկեղեցական, ըլլալ ընկերամշակութային գետնի վրայ։

«Զգոյշ ըլլալ Սուտ Լուրերէն»

Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Գործակալութեան գործունէութեան մատնանշելով հաղորդակցութեան համաշխարհային 33-րդ օրուայ բնաբանին «Անդամներ ենք մէկը միւսին» ու ասկէ մեկնելով գնահատեց «ՍԻՐ» գործակալութեան «հասարակական» հաղորդակցութիւնը, զգուշացնելով սակայն «սուտ լուրերու» երեւոյթէն ու հրաւիրելով միշտ ձգտելու ճշմարտութեան «որ միակ հակաթիւնն է՝ պայքարելու համար սուտին դէմ» նշեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ապա թելադրեց մտածել ապագային՝ քալելով  արդիականացումի ճանապարհին վրայ, առանց սակայն մոռնալու արմատները։

Լրագրութիւնը առաքելութիւն է

«Ժամանակակից աշխարհին մէջ լրագրութիւնը արհեստ մը չէ՝ այլ իսկական  առաքելութիւն է ։ Ան պարտականութիւնն լուրի մը կեդրոնը նկատելու միշտ մարդ անհատը։ Տեղեկացնելը կազմաւորել է, ու կը նշանակէ մարդոց կեանքին հետ գործ ունենալ» գրեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու պատգամը աւարտեց  գործակալութեան աշխատակիցներուն ապահովեցնելով թէ ինք կ՛ընկերանայ անոնց, ապա մաղթեց որ միշտ պատրաստ ըլլան ունկնդրութեան ու անկեղծ երկխօսութեան ընդմէջէն ի յայտ բերելու ճշմարտութիւնը։

«Ձեզ կը քաջալերեմ ձգտելու որակաւոր  տեղեկատուութեան  լիութեան որ գիտէ կառուցել  հասկացողութեան եւ երկխօսութեան կամուրջներ» գրեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու սովորութեան համաձայն խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2018, 10:00