Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Էլ Սալվատորի ուխտաւորներուն հետ։

«Սուրբ Օսքար Ռոմերոն գիտցաւ կատարելութեամբ մարմնացնել Բարի Հովիւին տիպարը որ իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 15 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 11.15-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Էլ Սալվատորի հինգ հազար ուխտաւորներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին եւ երէկ՝ (14 հոկտեմբեր) իրենց  մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Օսքար Ռոմերօ Կալտամեզի՝ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած սրբադասման արարողութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ  Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ որ «Սուրբ Օսքար Ռոմերոն գիտցաւ կատարելութեամբ մարմնացնել Բարի Հովիւին տիպարը որ իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։ «Ան օրինակ ու  խթան է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Օրինակ Աստուծոյ ողորմութեան կարիքը ունեցող մարդոց համար ու խթան վկայելու համար Քրիստոսի սէրը ու Անոր հոգատարութիւնը Եկեղեցւոյ։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղեց ապա ուխտաւորներուն միջեւ գտնուող քահանաներուն ու կղերական դասին հրաւիրելով զանոնք օրինակ առնել նոր սուրբէն  «ըլլալով Աստուծոյ Ժողովուրդին ծառաները ու հանդիսանալով կամուրջ՝ ընդմէջ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան ու մարդկանց թշուառութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ խօսքը ուղղեց Լատին Ամերիկայի զանազան երկիներէն ժամանած աշխարհական ուխտաւորներուն նշելով թէ Սուրբ Ռոմերոյի պատգամը ուղղուած է իւրաքանչիւրին, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ սուրբը «ամէն մէկ կաթողիկէ պէտք է ըլլայ նահատակ, որովհետեւ նահատակութիւնը կը նշանակէ վկայութիւն. Այսինքն Աստուծոյ պատգամին վկայ»։ «Աստուած արդարեւ ուզեց ներկայ ըլլալ մեր կեանքին մէջ ու մեզ կը հրաւիրէ համայն մարդկութեան հռչակելու իր ազատութեան պատգամը։   Միայն Անոր մէջ է որ մենք կարող ենք ըլլալ ազատ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, «ազատ մեղքէն, ազատ չարէն, ազատ ատելութեան զգացումներէն ու ազատ սիրելու եւ գտնելու Տէրը մեր եղբայրներուն մէջ» աւելցուց Ան դիտել տալով թէ «այս ընելու համար պէտք է միացած մնալ Աստուծոյ  հետ ու հաղորդութեան մէջ Եկեղեցւոյ հետ»։

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Էլ Սալվատորի Աստուծոյ համայն ժողովուրդին «որուն զաւակներէն մին արժանացաւ խորաններու պատուոյն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով երկրին մէջ վերջին տարիներու դժուարութիւններուն ու խռովութիւններուն. ներառեալ պատերազմներն ու բաժանումները, ու այս ծիրէն ներս մատնանշելով Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի յիշատակին յարեց թէ այդ մէկը «առիթ է ուղղելու խաղաղութեան ու հաշտութեան պատգամ մը՝ համայն Լատին Ամերիկայի ժողովուրդին» ու ասկէ մեկնելով խօսքը եզրափակեց բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Խաղաղութեան Մօր հովանիին ու հայցեց Աստուածային սիրոյ եւ ողորմութեան օրհնութիւնները ապա հրաւիրեց միասնաբար հայցել նոր սուրբին բարեխօսութիւնը. «Սուրբ Օսքար Ռոմերօ՝ աղօթէ մեզի համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 12:00