Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Թայվանի մէջ շոգեկառքի արկածի պատճառած զոհերուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապին խոր ցաւը Եիլան քաղաքի մէջ պատահած շոգեկառքի արկածին ի լուր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի հոկտեմբեր 21ին, Թայվանի Եիլան մարզին մէջ տեղի ունեցած շատ արագ շոգեկառքի արկածի զոհերուն թիւը հասած է 18ի: Նախնական տուեալներուն համաձայն արկածին զոհ գացած են 18 մարդ եւ վիրաւորուած են 180 հոգի:

Ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը, իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Եիլան քաղաքի մէջ պատահած շոգեկառքի արկածին ի լուր, ապահովեցնելով իր աղօթքը զոհերուն եւ եւ բոլոր անոնց որ կ՝ողբան իրենց սիրելիներուն կորուստը:

Սրբազան Հայրը ապա Աստուածային՝ ամոքումի, զօրութեան եւ խաղաղութեան օրհնութիւնները հայցած է վիրաւորներուն , անոնց սիրելիներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներուն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2018, 08:28