Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը: Պատուիրանները «Մի շնար»:

6-րդ պատուիրանը հրաւէր է մեր հայեացքը դէպի Յիսուս Քրիստոս սեւեռելու, Անոր որ իր հաւատարմութեամբ կրնայ մեզի տալ հաւատարիմ սիրտ մը:

Չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ շնորհեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն, ներկայութեամբ հազարաւոր իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներուն:

Շարունակելով խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին Նորին Սրբութիւնը խորհրդածեց 6-րդ պատուիրանի մասին «մի շնար», դիտել տալով որ այս պատուիրանը հրաւէր է հաւատարմութեան, առանց որուն ոչ մէկ մարդկային յարաբերութիւն իսկական ու հարազատ է:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ սէրը կը յայտնաբերուի անձնական շահերու սահմաններէն անդին, երբ ամէն ինչ կը շնորհենք առանց վերապահումներու՝ ինչպէս Քրիստոսը մեզի յայտնեց իր սէրը ըսաւ Սրբազան ընդգծելով որ մարդկային էակը կարիքը ունի սիրուելու՝ առանց պայմանի ապա թէ ոչ սպանռանլքը կայ որ ան համակերպի անհասուն յարաբերութիւններուն որոնք ամենայն պարագային ուրիշ բան չեն եթէ ոչ սիրոյ արտացոլումը։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ամուսնական կեանքի կոչումի մասին դիտել տալով որ որ այդ կը պահանջէ յարաբերութեան որակի խորունկ զատորոշում ու նշանտուքը ժամանակաշրջան ստուգելու համար այդ կոչումը։

«Նշանուածները չեն կրնար իրենց հաւատարմութեան խոտումները կատարել՝ հիմնուած լոկ իրենց բարի կամքի կամ այն մտածումին վրայ, որ ամէն ինչ լաւ կ՝ընթանայ : Անոնք պէտք են ուժ քաղեն Աստուծոյ հաւատարմութեան սէրէն ըսաւ սրբազան հայրը աւելցնելով որ Մօտենալու համար Սուրբ Պսակի խորհուրդին, նշանուածները պէտք են հասունցնել այն գիտակցութիւնը, որ անոնց յարաբերութեան կապին մէջ կայ՝ զիրենք առաջնորդող ու ընկերացող Աստուծոյ ձեռքը:

Հաւատարմութիւնը՝ առ այդ էութեան կերպ մըն է՝ կեանքի ապրելակերպ, որ կը պահանջէ որ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը մուտք գործէ մեր կեանքին մէջ որպէսզի մենք ըլլանք հաւատարիմ, մարդիկ ու կիներ ու վստահելի բոլոր պարագաներու ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին նշեց որ մի շնար 6-րդ պատուիրանը հրաւէր է մեր հայեացքը դէպի Յիսուս Քրիստոս սեւեռելու, Անոր որ իր հաւատարմութեամբ կրնայ մեզի տալ հաւատարիմ սիրտ մը:

«Յիսուսի մահէն ու Յարութենէն կը բխի մեր հաւատարմութիւնը. Անոր անշահախնդիր սէրէն կը բխի մեր յարաբերութիւններուն յարատեւութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որը «Յիսուսի, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութենէն կը բխի մեր միջեւ հաղորդութիւնը ու մեր յարաբերութիւնները հաւատարմութեան մէջ ապրելու գիտակցութիւնը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 11:01