Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Մի սպաներ» Տասը Պատուիրանները։ Հրապարակային ունկնդրութիւն։

Աստուծոյ աչքերուն առջեւ մարդկային կեանքը թանկարժէք է, սուրբ է, ու անձեռնմխելի է:

«Լսեր էք թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Մի՛ սպաններ”: Ո՛վ որ սպաննէ, արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ ատեանի դատապարտութեան: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”: Ուրեմն եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերես, ու հոն յիշես թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունի քեզի դէմ, հո՛ն ձգէ ընծադ՝ զոհասեղանին առջեւ. նա՛խ գնա՝ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ա՛յն ատեն եկուր՝ որ մատուցանես ընծադ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ  շարունակելով  խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Մի սպաներ» պատուիրանի վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այսօր կ՛ուզեմ շարունակել խօսիլ հինգերորդ պատուիրանի մասին «մի սպաներ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան, ապա նշեց թէ «այս պատուիրանը կը բացայայտէ թէ Աստուծոյ աչքերուն առջեւ մարդկային կեանքը թանկարժէք է, սուրբ է, ու անձեռնմխելի է»։

Յովհաննէս Առաքեալը կը գրէ «ով որ ատէ իր եղբայրը մարդասպան է» եւ Յիսուս Աւետարանին մէջ աւելիով կ՛ընդարձակէ այս բառին հորիզոնը, հաստատելով թէ եղբօր մը դէմ վիշտը, նախատինքն ու արհամարհանքը կարող են սպաննել։ «Արդարեւ մարդը կործանելու համար բաւարար է զայն անտեսել՝ որովհետեւ անտարբերութիւնը կը սպանէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ամէն անգամ որ մենք չենք սիրեր, խորքին մէջ կ՛արհամարհենք կեանքը։ Առ այդ ի տարբերութիւն կայէնի վերաբերմունքին՝ մենք պէտք է վարուինք որպէս պահապանները մէկը միւսին։ 

Մարդկային կեանքը պէտք ունի սիրոյ։ Այն իսկական սէրը զօր Քրիստոս ցոյց տուաւ մեզի՝ այսինքն ողորմութիւնը։ Սէր որ գիտէ ներել, գիտէ ընկալել։ Ոչ մէկը կարող է վերապրիլ առանց ողորմութեան ու բոլորս կարիքն ունինք ներումին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով որ եթէ «սպաննելը կը նշանակէ, կործանել, բնաջնջել ու վերացնել մէկ մը, չի սպաննելը կը նշանակէ խնամք տանիլ, արժեւորել, ներառել ու ներել։

«Ուստի բաւարար չէ ըսել ես լաւ կ՛ապրիմ որովհետեւ չար գործեր չեմ կատարեր։ Այլապէս պէտք  է բարիք կատարել» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով «Մի սպաներ» պատուիրանը ընկալել որպէս կոչ մը՝ սիրոյ ու ողորմութեան, կոչ ապրելու Յիսուսի հետքերուն վրայ որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար ու նաեւ Յարութիւն առաւ մեզի ահմար։

«Ընդունինք ուրեմն Մի սպաներ բառը որպէս կարեւոր ու հիմնական կոչ մը՝ կոչ սիրոյ»։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւանդներուն, երիտասարդներուն ու նորապսակներուն հրաւիրելով զանոնք հետեւելու Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացիի օրինակին որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր։ «Անորմէ սորվինք քաջութեամբ վկայելու մեր հաւատքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հայցեց որ Տէրը մեզի պարգեւէ յարատեւողականութեան ուժը՝ հակառակ բոլոր հակառակութիւններուն ու հալածանքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2018, 10:22