Ափրիէկի մէջ աղքատներ Ափրիէկի մէջ աղքատներ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ՖԱՕ-ին. «Անօթութեան դէմ անհրաժեշտ են ոչ թէ խօսքեր այլ շօշափելի արարքներ»

Աղքատները արդիւնաբեր օգնութիւն կ՝ակնկալեն, աղքատներուն հասցէին կատարուած առաջադրանքները, գիտաժողովները, հետազօտութիւնները, յիշատակումները, չեն հասած իրենց նպատակին, մնալով անշօշափելի եւ ոչ իրականացած յանձնարարութիւններ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 16-ին, կը նշուի սննդառութեան միջազգային օրը, յիշատակելու համար ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան գրասենեակի հիմնադրութեան օրը՝ 16 հոկտեմբեր 1945: Սննդառութեան միջազգային օրուան այս տարուան բնաբանն է «մեր գործողութիւնները, մեր ապագան են: Մինչեւ 2030 թուական, զեռօ անօթութեամբ աշխարհ մը կարելի է:

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրաւոր պատգամը մը յղեց ՄԱԿ-Ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն ՝Փրոֆ Խոսէ Կրացիանօ Տա Սիլվայի որուն ընթեցումը կատարեց գերապայծառ Օերնանտօ Քիքա Արելլանոն՝ ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը։ Նորին Սրբութիւնը իր յղած պատգամին մէջ նկատել կուտայ, որ դժբախտաբար, հակառակ բոլոր ջանքերուն, աշխարհի մէջ սովէն տառապող մարդոց թիւը, փոխանակ նուազելու հետզհետէ աճ արձանագրած է, այս մէկը նկատելով անմխիթարիչ երեւոյթ մը, որ ի յայտ կը դնէ միջազգային զօրակցութեան սառեցումը:

Նորին Սրբութիւն կ՝անդրադառնայ սննդառութեան միջազգային օրուան այս տարուան նիւթին, որ է «զեռօ անօթութիւն, մինչեւ 2030 թուական», զայն նկատելով հրատապ պատասխանատուութեան հրաւէր մը, բոլոր այն դերակատարներուն, որոնք կը բաժնեկիցն 2030 օրակարգին ՝աջակցուած զարգացում ծրագրին, ինչպէս նաեւ զօրաւոր կոչ, սթափելու համար անշարժութեան մատնուած թմրութենէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը շեշտէ որ աղքատները արդիւնաբեր օգնութիւն կ՝ակնկալեն, նկատել տալով որ աղքատներուն հասցէին կատարուած առաջադրանքները, գիտաժողովները, հետազօտութիւնները, յիշատակումները, չեն հասած իրենց նպատակին, մնալով անշօշափելի եւ ոչ իրականացած յանձնառումներ: Ան դիտել կու տայ որ 21-րդ դարը յաջողութեամբ պսակուած է ՝ գիտական, արհեստվարժական, հաղորդակցութեան որոտներու մէջ , սակայն ամօթալի երեւոյթ կը նկատուի, մարդկային եւ զօրակցութեան գործընթացէն ներս, յառաջդիմութեան պակասը:

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ աղքատները չեն կրնար սպասել մինչեւ 2030 թուական, անոնց կացութիւնը տաժանելի է եւ անհրաժեշտ է անմիջապէս գործի լծուիլ, համադրուած ծրագիրներով ըլլայ միջազգային ըլլայ տեղական գետնի վրայ, այս մէկը կատարելով հետեւողական կերպով պատասխանելու համար անօթութեան մարտահրաւէրին:

Քահանայապետը կը յորդորէ որ Միջազգային կազմակերպութիւնները, ինչպէս ՖԱՕ-ը պէտք են ներգրաւել կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները, գործելու համար տեղական եւ պետական գետնի վրայ, ընդգծելով որ համաշխարհային չափանիշերը անօգուտ կը մնան, երբ տեղական պետութիւնները հեռու են այդ չափանիշերէն:

Սրբազան Հայրը կը խրախուսէ որ գեղեցիկ բարերն ու բարի առաջադրանքներ վերածուին առարկայական յստակ ծրագիրներու, որ իրենց գագաթնակէտի կը հասնիմ, աշխարհի մէջ արմատախիլ ընելով անօթութիւնը եւ այս մէկը կատարելու համար պէտք է նկատի առնել ոչ միայն քաղաքաքան որոշումները եւ գործնական ծրագիրներ այլ պէտք է նկատի առնել սովի եւ անօթութեան ետին կանգնող բացասական եւ ցաւալի իրողութիւնները. անհաւասարութեան ծայրայեղութիւնը, աշխարհի բարիքներուն սխալ եւ վատ բաշխումը, կլիմայական փոփոխութիւնները ինչպէս նաեւ արիւնալի անվերջ պատերազմները :

Սրբազան հայրը ապա, խաղաղութեան խթանման ու ժողովուրդներուն զարգացման համար անհրաժեշտ կը նկատէ, բազմապատկել այս ուղղութեամբ տրամադրուած հիմնդրամները, կասեցնել ռումբերու ձայներն ու անոնց վաճառքը - անսալ կարենալու համար կեանքին եզրին կանգնող ողբացող անձերուն ճիչին :

«Այստեղէն մինչեւ 2030 թուական ունինք 12 տարիներ, ուժեղ եւ հետեւողական գործողութիւններ իրականացնելու համար ու անյապաղ դիմագրաւելու համար անօթութիւնն ու անոր պատճառները՝ զօրակցութեան, արդարութեան եւ հետեւողականութեան զէնքերով» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը որ պատգամի աւարտին նկատել կու տայ որ Կաթողիկէ եկեղեցին, Աստուծոյ՝ իր հիմնադիրին կողմէ յանձնուած առաքելութեան մէջ, ամէն օր կը պայքարի աշխարհի մէջ անօթութեան եւ վատ սննդարարութեան դէմ, տարբեր ձեւերով եւ իր տարբեր հաստատութիւններու եւ ընկերակցութիւններու միջոցաւ, եւ միշտ յիշելով որ թշուառութենէ տառապողները, մեզմէ տարբեր չեն: Անոնք ունին մեր միեւնոյն մարմինն ու արիւն: Անոնք արժանի են իրենց օգնութեան հասնող բարեկամուհի մը բազուկի, որպէսզին անոնցմէ ոչ մին ետ մնայ եւ աշխարհին մէջ եղբայրութիւնը, քաղաքացիութեան իրաւունք ունենայ եւ դառնայ իրողութիւն մը որ աւելի բարձր է տպաւորիչ կարգախօսներէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց հայցելով Ամենակալէն որ Պարէնի գրասենեակի նպատակաուղղուած ուղեւորութիւնը՝ որուն նպատակն է ճանապարհ բանալ շօշափելի եւ արդիւնաբեր գործողութիւններու ի նպաստ անդորր ու կառուցողական համակեցութեան ապագային մը, լի ըլլան Անոր օրհնութիւններով, մեր ու մեզմէ ետք եկող սերունդներուն բարիքին ի նպաստ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2018, 12:00