Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քրէթէյ թեմի քահանաները:

Քահանաներուն մեծամասնութիւնը յատկանշուած են Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ ու հեզութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 1-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի «Քրէթէյ» թեմի քահանաները ու այս առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, քահանաներուն՝ Աւետարանի ի սպաս մատուցած ծառայութեան համար ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ գտնուելնուն համար, որպէս Քրիստոսի հաւատարիմ մատակարարներ:

Սրբազան Հայրը ապա՝ ի տես կարգ մը կղերականներու կողմէ գործադրուած եկեղեցին յուզող ժամանակակից յանցագործութիւններուն, դիտել տուաւ որ կ՝ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր եկեղեցւոյ նաւը թիրախ է զօրաւոր եւ հակառակ ուղղութեամբ փչող մրրիկին այս ծիրէն ներս կարեւոր համարելով նաեւ թէ քահանաներուն՝ մեծամասնութիւնը յատկանշուած է Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ ու հեզութեամբ:

Սրբազան Հայրը ընդգծեց որ կրօնաւորներու , առաքելութիւնն է վկայել Յարութեան զօրութիւնը՝ այս աշխարհի վէրքերուն, եւ այսպէս կատարելով անոնք կանչուած են համեստօրէն փոքրիկ քայլեր կատարելու սրբութեան ուղիին վրայ:

Նորին Սրբութիւն քաջալերեց քահանաները, որ իրենց եկեղեցւոյ կազմակերպութեան վերատեսումի ծիրէն ներս, Քրիստոսի հասնելու համար չվախնան եկեղեցւոյ վէրքերուն նայելէ, դիտել տալով, որ լոկ Քրիստոսն է որ կը բուժէ, եւ թոյլ կու տայ Իրմէ վերսկսելու, եւ Իրեն հետ միսսին գտնելու շօշափելի միջոցներ , առաջարկելու համար Քրիստոսի կեանքը աղքատ եւ լքուած բոլոր շրջանակներուն մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգիչ նկատեց այն քահանայ եղբայրներուն իրավիճակը- որոնք կապրին, զուրկ՝ Քրիստոսի բարեկամութենէն բխած սփոփանքէն, յոյսէն եւ զօրութենէ եւ այս ուղղութեամբ յորդորեց քահանաները հայցել Սուրբ Հոգիին լոյսն ու առաջնորդութիւնը, դիտել տալով, որ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ է, որ քահանաները Քրիստոսի եկեղեցին կը վերածեն սիրալիր :

Սրբազան Հայրը քաջալերեց ապա քահանաները, որ իրենց հայեացքը միշտ սեւեռած պահեն Յիսուս Քիստոսիին վրայ, եւ անհատական աղօթքի, Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեամբ , Սուրբ խորհուրդնրեու մատակարարումով եւ եղբայրներուն ծառայութեան միջոցաւ ամրապնդեն իրենց կապերը Յիսուս Քրիստոսի հետ: Ան խօսքը եզրափակեց հայցելով բոլորին համար Տիրամօր բարեխօսութիւնը եւ Աստուծոյ աղախին Մատլեն Տելպրելի աղօթքը՝ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2018, 12:27