Որոնել

Առաքելական Պալատ Առաքելական Պալատ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Քորէայի նախագահին։

17 հոկտեմբերիn Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է սուրբ պատարագ նուիրուած Քորէական թերակղզիի խաղաղութեան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Կրէկ Պուրք հրատարակեց յայտարարութիւն մը որուն մէջ հաղորդեց որ յառաջիկայ 18 հոկտեմբեր 2018-ի ժամը 12-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Քորէայի նախագահ Տիար Մուն Ժայէնին։ Նոյն յայտարարութեան մէջ կը տեղեկացուի նաեւ թէ հանդիպումէն մէկ օր առաջ՝ չորեքշաբթի 17 հոկտեմբերի երեկոյեան 6-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինը, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ պիտի մատուցանէ սուրբ պատարագ մը նուիրուած Քորէական թերակղզիի խաղաղութեան որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Նախագահ Մունը։

Ըստ միջազգային լրատու գործակալութիւններուն Քորէայի նախագահը հանդիպման առթիւ Սրբազան Քահանայապետին պիտի յանձնէ Քիմ Եոնկ Ընի կողմէ պատգամ մը որուն մէջ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը կը յայտնէ թէ «Եթէ Քահանայապետը Փիոնկ Եանկը այցելէ, Անոր բարի գալուստ կը մաղթեմ ու ջերմ հիւրընկալութիւն պիտի վերապահեմ»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2018, 11:01