Որոնել

INDIA-ACCIDENT-TRAIN INDIA-ACCIDENT-TRAIN 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Հնդկաստանի մէջ շոգեկառքի արկածին ի լուր:

Շոգեկառքի արկածը տեղի ունեցած է կրօնային տօնակատարութեան մը ընթացքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հնդկաստանի Փունժապ քաղաքի շոգեկառքի կայարանին մէջ տեղի ունեցած արկածին ի լուր, որ պատճառեց աւելի քան 60 մեռեալ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցագիր յղեց Հնդկաստանի եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն որուն մէջ գրեց.

«Ֆրանչիսկոս Պապ իր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնէ արկածին թիրախ բոլոր զոհերուն, ապահովելով իր աղօթքը զոհերուն եւ բոլոր անոնց որոնք կ՛ ողբան իրենց հարազատներուն կորուստը: Նորին Սրբութիւնը, Աստուածային՝ ամոքումի խաղաղութեան եւ զօրութեան օրհնութիւնները կը հայցէ վիրաւորներուն ու անոնց բոլոր սիրելիներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներուն:

Յայտնենք թէ շոգեկառքի արկածը տեղի ունեցած է կրօնային տօնակատարութեան մը ընթացքին: Մինչ, բազմութիւն մը շոգեկառքի կայարանի երկաթուղիներուն վրայ կը գտնուէր, ականատես ըլլալու կրօնային տօնակատարութեան առթիւ կազմակերպուած հրավառութեան, հակառակ ուղղութեամբ երկու շոգեկառքեր, իրարու բախումի ենթարկուելով կը տապալեն հոն գտնուող հոծ բազմութիւնը, եւ պատճառ կը դառնան մարդկային բազմաթիւ զոհերու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 09:16