Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ երեք ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը:

Քահանայապետական ծիսական արարողողութիւններու գրասնեակին կողմէ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նոյեմբեր - յունուար 2019 ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը:

Երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, քահանայապետական ծիսական արարողութիւններուն արարողապետի գրասենեակին կողմէ հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, նոյեմբեր-յունուար 2019, ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը:

Յայտագիրին մէջ կը նշուի թէ Նորին Սրբութիւնը, ուրբաթ, 2 Նոյեմբեր 2018-ին, Ամենայն Սրբոց տօնին օրը, յետմիջօրէին ժամը 4,00-ին Հռոմի «Լաուրենթինօ» գերեզմանատան մէջ սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ բոլոր ննջեցեալներուն հոգւոյն համար ապա Շաբաթ, 3 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Պատարագը՝ ընթացիկ տարուան ընթացքին իրենց մահկանացուն կնքող կարդինալներուն եւ եպիսկոպոսներուն հոգւոյն դիտաւորութեան։

Կիրակի 18 նոյեմբերին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ հաստատուած, աղքատներուն համաշխարհային օրը որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

2018 դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Նորին Սրբութեան գլխաւորած արարողութիւնները յայտագիրը կը սկսի 8 դեկտեմբերին, Տիրամօր Անարատ Յղութեան տօնին օրը, երբ Ան աւանդութեան համաձայն կ՛այցելէ «Սպանիա» անուան հրապարակը ու այնտեղ գտնուող Տիրամօր արձանին կը նուիրէ ծաղկեփունջ մը ու կը հանիսդապետէ ջերմեռանդական աղօթքի արարողութեան։

Չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Տօնն է Լատին Ամերիկիոյ Կուտալուփէ Տիրամօր: Այս առթիւ , Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ՝ երեկոյեան ժամը 6,-00ին ,ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ: Մինչ 24 դեկտեմբերին, Յիսուսի ծննդեան ճրագալոյցի օրը, Սուրբ Պետրոսին տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ ճրագալաոյցի Սուրբ պատարագը ու յաջորդ օր՝ երեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրին առթիւ, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին կ՛ուղղէ «Ուրպի ԷԹ Օրպի պատգամն ու օրհնութիւն.

Երկուշաբթի, 31 դեկտեմբերին, տարուան վերջին օրը, նուիրուած է Տիրամօր։ Այս առթիւ երեկոյեան ժամը 5,00-ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ գոհաբանական աղօթք ու երեկոյեան ժամու ժամասացութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ: Իսկ Երեքշաբթի 1 Յունուար 2019ին, խաղաղութեան համաշխարհային 32-րդ օրուան առթիւ, առաւօտեան ժամը 10,00ին- Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ:

Կիրակի 6 յունուարին, Յիսուս յայտնութեան տօնն է։ Սրբազան Հայրը առաւօտեան 10,00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ու յաջորդ կիրակի՝ 13 յունուար 2019ին, Լատինաց մօտ Յիսուսին Մկրտութեան տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Թանգարանի Սիքսթինեան մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացին մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ կարգ մը մանուկներուն։

23-էն 28- յունուար 201-ին, ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Փանամա ուր կը գլխաւորէ երիտասարդներու համաշխարհային օրերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 09:25