Սրբադասման արարողութիւն Սրբադասման արարողութիւն 

Սրբադասման Արարողութիւն Սուրբ Պետրոսի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

«Մենք կը հետեւի՞նք Յիսոսւին» հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց հայցել շնորհքը որպէսզի Յիսուսին սիրոյն համար թողունք հարստութիւնը, իշխանութիւնը, ծանրութիւնները, ինչպէս նաեւ մեզ աշխարհին կապող կապանքները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան 10.15-անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ մատուցեց Սուրբ պատարագ որուն առթիւ Սուրբերու շարքին դասեց Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը, Գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերոն, իտալացի Քահանաներ Ֆրանչեսքօ Սփինելլի եւ Վինչենցօ Ռոմանօ, գերմանացի քոյր Մարիա Քաթերինա Քասփերը, սպանացի Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նազարիա Ինիացիան եւ իտալացի աշխարհական Նունցիօ Սուլփրիցիոն։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ խօսքը կենդանի Խօսք է

Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ակնարկեց Սուրբ Պօղոսին Եփրայեցիներուն ուղղած նամակին որուն մէջ առաքեալը կը հաստատէ. «Արդարեւ կենդանի է Աստուծոյ խօսքը, ազդու, աւելի հասու կան երկսայրի սուրը»։ «Այո՛ այսպէս է» ըսաւ Սրբազան Պապը, Աստուծոյ խօսքը կենդանի Խօսք է որ կը դպչի կեանքին ու զայն կը փոխակերպէ։ Այնտեղ Յիսուս որ է Աստուծոյ կենդանի Բանը կը խօսի մեր սրտերուն» աւելցուց Ան դիտել տալով թէ օրուան Աւետարանը՝ քաղուած Մարկոս աւետարանիչէն որ կը խօսի հարուստ երիտասարդի մասին, մեզի հրաւէր կ՛ուղղէ հանդիպելու Տիրոջ, նման ճիշտ այդ երիտասարդին որ «վազելով կը մօտենայ Յիսուսին» (Մարկոս 10, 17)։

«Ան կը փափաքէր ժառանգել երկնքի արքայութիւնը. «Վարդապետ բարի, ի՞նչ պէտք է ընեմ որպէսզի յաւիտենական կեանքը իբրեւ բաժին ժառանգեմ»։ Յիսուս կը նայի անոր ու կը սիրէ զինք  յորդորելով պահել պատուիրանները որ երիտասարդը արդեն կը պահէր։ Յիսուս առ այդ անոր կ՛առաջարկէ սիրոյ պատմութիւն մը՝ ձրի սիրոյ պատմութիւն։ «Մէկ բան կը պակսի քեզի. Գնա ծախէ բոլոր ինչքերդ, բաժնէ աղքատներուն ու երկնքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, յետոյ եկուր եւ հետեւէ ինծի»։

«Ծախէ ինչքերդ եւ հետեւէ ինծի»

«Ծախէ ինչքերդ եւ հետեւէ ինծի» Յիսուսին այս հրաւէրը կը նշանակէ թէ պէտք չէ անշարժ մնալ ու պէտք է հետեւիլ Յիսուսին ամէն օր, չի բաւարարուելով միայն պատուիրանները պահելով։ Յիսուսին առաջարկը տեսութիւններու առաջարկ մը չէ այլ գործնական. «ծախէ ինչքերդ եւ բաժնէ աղքատներուն», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ կարելի չէ Յիսուսին հետեւիլ եթէ ծանրաբեռնուած ենք ինչքերով։ Որովհետեւ եթէ սիրտը զբաղուած է այլ բարիքներով ՝ Տիրոջ համար տեղ պիտի չի ըլլայ անոր մէջ։ Արդարեւ Սուրբ Պօղոս կը յիշեցնէ թէ «դրամասիրութիւնը չարիքներուն արմատն է» եւ այսօր եւս կը տեսնենք թէ այնտեղ որտեղ դրամը կ՛ընտրուի որպէս կեդրոն, այնտեղ տեղ չկայ ոչ Աստուծոյ եւ ոչ ալ մարդուն։  Յիսուս այս ուղղութեամբ արմատական է։ Ան ամէն ինչ կը պարգեւէ եւ ամէն ինչ ալ կը պահանջէ։ Անհուն սէր կը նուիրէ ու կը խնդրէ բաժնեկից սիրտ մը։

Յիսուսը սիրել ամբողջական նուիրումով

«Յիսուսը կարելի չէ սիրել 20 կամ 50 տոկոսով։ Կամ ամբողջական սէր կամ ոչինչ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով թէ մեր սիրտը մագնիս մըն է որ թոյլ կու տայ քաշուիլ սէրէն, սակայն այդ սէրը կարող է միայն մէկ կողմէն միանալ եւ պէտք է ընտրութիւն մը կատարել այս ուղղութեամբ. Կամ սիրել Աստուած կամ սիրել աշխարհի հարստութիւնները։ «Հարց տանք մենք որ կողմը կ՛ընտրենք» հրաւէր ուղղեց հուսկ Սրբազան Պապը նշելով թէ «Յիսուս  իւրաքանչիւրս կը հարցադրէ որպէս անձ եւ որպէս եկեղեցի»։

«Մենք  կը հետեւի՞նք Յիսոսւին» հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց հայցել շնորհքը որպէսզի Յիսուսին սիրոյն համար թողունք հարստութիւնը, իշխանութիւնը, աւետարանը քարոզելու անյարմար կառոյցները ու ծանրութիւնները՝ որոնք արգելք են առաքելութեան, ինչպէս նաեւ կապանքները որոնք  մեզ աշխարհին կը կաշկանդեն։

Նոր Սուրբերը տիպար կեանքի նուիրումին

«Աւետարանի երիտասարդը Յիսուսին խօսքերուն վրայ մռայլեցաւ ու մեկնեցաւ տխուր, որովհետեւ կաշկանդուած էր հարստութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ «տխրութիւնը  անաւարտ սիրոյ ապացոյցն է։ Նշանն է գաղջ սրտին։ Մինչ ինչքերէն թեթեւցած սիրտը, որ ազատ է եւ կը սիրէ Տէրը, իր շուրջ ուրախութիւն կը սփռէ, այն ուրախութիւնը որուն մեծ կարիքը կայ նաեւ այսօր» հատստաեց Սրբազան Պապը մատնանշելով որ « Յիսուս այսօր մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալու ուրախութեան աղբիւրին որ կը գտնուի Անոր հետ հանդիպումին մէջ, այն արի ընտրանքին մէջ՝ ամէն ինչ թողուլ, հետեւելու համար Յիսուսին ու ողջագուրելու Անոր ուղին»։ «Սուրբերը այդ ճանապարհէն անցան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին որ Պօղոս Առաքեալի նման «իր կեանքը նուիրեց Քրիստոսի Աւետարանին համար, դառնալով անոր վկան երկխօսութեան մէջ ու մարգարէ դէպի դուրս եկեղեցիի մը որ հայեացքը կ՛ուղղէ հեռաւորներուն վրայ ու խնամք կը տանի աղքատներուն»։ Պօղոս Զ վկայեց Յիսուսի հետեւելու գեղեցկութիւնն ու ուրախութիւնը եւ այսօր մեզ կը խրախուսէ ապրելու համար մեր միասնական կոչումը՝ Սրբութեան տիեզերական կոչումը»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկեց նաեւ գերապայծառ Ռոմերոյին որ՝ ըսաւ Ան, թողուց աշխարհի ապահովութիւնները իր կեանքը նուիրելու համար Աւետարանին, մօտիկ ըլլալով աղքատներուն ու իր հօտին։ Նոյնը ըրին նաեւ Ֆրանչեսքօ Սփինելլին, Վինչենցօ Ռոմանոն, Մարիա Քաթերինա Քասփերը, Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նազարիա Ինիացիան եւ Նունցիօ Սուլփրիցիոն։ Այս բոլոր սուրբերը, զանազան բնագաւառներու մէջ այսօրուան Աւետարանական Խօսքը վերածեցին կեանքի՝ առանց հաշիւներու ու արկածախնդրութեան եռանդով։ «Թող որ Տէրը մեզ օգնէ որպէսզի անոնց օրինակին հետեւինք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2018, 11:16