Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եգիպտոսի մէջ ԱլԱզհար համալսարանի Աւագ իմամը: Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եգիպտոսի մէջ ԱլԱզհար համալսարանի Աւագ իմամը: 

Ֆրանչիսկոս Պապի առանձնական հանդիպումը Ալ Ազհարի աւագ իմամին հետ:

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալզհար Աւագ իմամին միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2016 թուականին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Երեքշաբթի , հոկտեմբեր 16-ին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ալ Ազհար համասլարանի Աւագ Իմամ, Փրոֆ՝Ահմատ Մուկամմատ Ալ Թայիէպին հետ», այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը:

Ալ Ազհարի Աւագ իմամը, Իտալիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոլոնիա քաղաքի մէջ կայացած «Խաղաղութեան կամուրջներ» միջոցառումին։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալզհար Աւագ իմամին միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2016 թուականին, որուն ընթացքին շօշափուած նիւթերուն շարքին ընդգծուած է աշխարհի խաղաղութեան համար, միասնական յանձնառութեան կարիքը , ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան եւ բռնութեան մերժումը:

Նորին Սրբութեան եւ Եգիպտոսի Աւագ իմամին միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւններու կեդրոնական նիւթը եղած է Միջին արեւելքի մէջ Քրիստոնեաներուն իրավիճակը ու անոնց պաշտպանութեան հարցը, ի տես տարածաշրջանի մէջ տիրող՝ պատերազմներու եւ լարուածութիւններուն:

Յայտնենք նաեւ որ 2017-ին, Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ ելոյթ ունեցաւ Ալ Ազհար համալսարանի մէջ կազմակերպուած դասախօսութեան մը ընթացքին: Ելոյթին մէջ Նորին Սրբութիւնը, Աւագ Իմամը, կոչեց եղբայր ապա շեշտը դրաւ կրօններուն միջեւ երկխօսութեան վրայ, նկատել տալով, որ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, այլ նպատակներու հետապնդելու, ռազմավարական գործողութեան իրակացնում չէ ,այլ անիկա ճշմարտութեան ուղի մըն է, որ կ՝արժէ համբերութեամբ որդեգրել, մրցակցութիւնը՝ համագործակցութեան փոխարինելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց նաեւ որ որեւէ ատելութեան ձեւ ՝ յանուն կրօնի, հիմնուած է Աստուծոյ կեղծ պաշտամունքին վրայ, որովհետեւ լոկ խաղաղութիւնն է, որ սրբութիւն կը նկատուի, եւ որեւէ բռնութեան արարք, Աստուծոյ անունը պղծած կ՝ըլլայ:

Նշենք նաեւ որ անցեալ 10 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Աւագ Իմամին յղած նամակի մը մէջ քաջալերած ու անհրաժեշտ նկատած է, «օրհնուած երուսաղեմ քաղաքին մէջ» ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան, արդարութեան, ապահովութեան ի խնդիր ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2018, 09:19