Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Չիլէի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Չիլէի նախագահը  

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 հոկտեմբերի գործունէութիւնը:

Զրոյցները ընթացան սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր հարցեր ընդգծելով Չիլէ-Վատիկան բարի յարաբերութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ, հոկտեմբեր 13-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ առաւօտեան 10-ին ունկնդրութիւն շնորհեց  Չիլէի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Սեպասթիան Փիներա Էջենիքը ու անոր ընկերացող Պատուիրակութեան: Չիլէի նախագահը ապա  հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին  հետ, ինչպէս կը տեղեկացնէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը ուր կը նշուի նաեւ թէ տեղի ունեցած զրոյցները ընթացան սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր հարցեր ընդգծելով  Չիլէ-Վատիկան  բարի յարաբերութիւնները եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ  Չիլէի մէջ առաքելութիւնը ՝ դաստիարակչական, մշակութային ու առողջապահական մարզերէն ներս:  Քննարկուած նիւթերու շարքին էին նաեւ Երկրի ներքին իրավիճակը, կեանքի պաշտպանութեան հարցը ու  մանկամոլութեան ցաւալի իրականութիւնը որուն համար շեշտուեցաւ բոլորին յանձնառումը՝ յաղթահարելու ու կանխարգիլելու համար այսպիսի ոճիրները։   Զրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, ըլլայ միջազգային ըլլայ տարածաշրջանայինն գետնի վրայ, յատկապէս ակնարկելով գաղութականութեան երեւոյթին։

Չիէլէ նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Սրբազան Հայրը ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի  կառավարիչ՝  Կարդինալ Մարք Ուելլէն ապա  11,15-ին- Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Լոմպարտիա մարզէն Հռոմ ժամանած աւելի քան 400 նորընծաներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ կիրակի 14 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ կայանալիք Սրբադասման արարողութեան որուն ընթացքին եօթը երանելիներու շարքին խորաններու պատուոյն պիտի արժանանայ նաեւ Պօղոս Զ Քահանայապետը՝ որ 1955-ին ստանձնած էր Միլանօ Թեմին առաջնորդի պաշտօնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2018, 13:29