Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը՝ Տասը Պատուիրանները «Մի շնար»։

Ամուսնանալու համար բաւարար չէ Սուրբ Պսակը, հարկաւոր է նաեւ ուղեւորութիւն մը որ կ՛անցնի «ԵՍ» էն «Մենք» ի,։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 31 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն առթիւ հրապարակ ժամանած էին աշխարհի զանազան քաղաքներէն  հազարաւոր ուխտաւորներ։

Շարունակելով խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց անցեալ չորեքշաբթի օր սկսած «Մի Շնար» վեցերորդ Պատուիրանի մասին խորհրդածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այսօր կը ցանկանամ աւարտել «Մի շնար»,  վեցերորդ պատուիրանի մասին խորհրդածութիւնը ընդգծելով որ Քրիստոսի հաւատարիմ սէրը լոյսն է ապրելու համար մարդկային սիրոյ գեղեցկութիւնը։  Արդարեւ մեր սիրոյ ու գորովի զգացական ծաւալը՝ սիրոյ կոչ մըն է որ կը յայտնուի հաւատարմութեան, ընկալումի եւ ողորմութեան մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու դիտել տալով թէ այս պատուիրանը կը հայի ամուսնական կեանքի հաւատարմութեան ու սահմանուած է բոլոր մարդոց ու կիներուն։

Չափահաս տղամարդ ու կին դառնալը կը նշանակէ ապրիլ ամուսնական ու ծնողական վերաբերմունքը որպէս կարողութիւն՝ մեր վրայ առնելու ուրիշի մը բեռը ու սիրելու զինք առանց երկդիմութեան։ Այլապէս մարդկային համընդհանուր վերաբերմունք մըն է որ գիտէ իրականութիւնը դիմագրաւել ու յարաբերութեան մէջ մտնել ուրիշներու հետ՝ խնամք տանելով անոնց - յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու հարց տուաւ «Ո՞վ է շնացողը, անպարկեշտը ու անհաւատարիմը»  ու պատասխանեց. «անհասուն մարդ մըն է որ իրեն կը պահէ սեփական կեանքը ու իրավիճակները կը մեկնաբանէ անձնական հանգստութեան ու գոհացումի հիման վրայ»։

Առ այդ ամուսնանալու համար բաւարար չէ Սուրբ Պսակը։ Հարկաւոր է  նաեւ ուղեւորութիւն մը որ կ՛անցնի «ԵՍ» էն «Մենք» ի, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «ամէն մէկ քրիստոնէական կոչում  «ամուսնութիւն»։ Քահանայութիւնը որովհետեւ կոչումն է Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու հասարակութեան՝ ամենայն սիրով։  Քահանայութեան մէջ կը սիրենք Աստուծոյ Ժողովուրդը։ Քրիստոնէական կոչումը  սիրոյ կապ մըն է Քրիստոսի հետ, շարունակեց Սրբազան Պապը,  Քրիստոնէական կոչումը պտուղն է սիրոյ յարաբերութեան որուն մէջ բոլորս վերակենդանացած ենք, ու «այդ սիրոյ յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ սիրոյ կապն է» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին նշեց թէ «Մարդկային մարմինը  միայն հաճոյքի գործիք մը չէ, այլ վայր մըն է մեր սիրոյ կոչումին, ու այդ իսկական սիրոյ մէջ  տեղ չի կայ անպարկեշտութեան։ Արդ «մի շնար» խօսքը մեզ կը մղէ մեր սկզբնական կոչումին, այն է ամուսնական սէրը՝ հաւատարիմ եւ լիակատար, որ Յիսուս Քրիստոս մեզի յայտնեց ու մեզի պարգեւեց» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը  ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու խումբերը հուսկ յատուկ ողջոյնի  խօսք ուղղեց երիտասարդներուն  հիւանդներուն ու նորապսակներուն վերյիշում կատարելով որ վաղը՝ կը տօնախմբուի Ամենայն Սրբոց տօնը ու միւս օր՝ Օր Մեռելոցը։

«Մեզ կանխող անձերու հաւատքի վկայութիւնը մեր մէջ հզօրացնէ վստահութիւնը որ Աստուած կ՛ընկերանայ իւրաքանչիւրի կեանքի ուղեւորութեան, Ան ոչ մէկը կը լքէ եւ կ՛ուզէ որ բոլորս սուրբ ըլլանք ինչպէս Ինք սուրբ է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 10:26