Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Առողջապահութեան հայող Դ գիտաժողովի» մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Առողջապահութեան հայող Դ գիտաժողովի» մասնակիցները 

«Հրաշք, խնամք եւ վստահութիւն» առողջապահական գործիչներու բանալի բառեր. Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Ոչ մէկ առողջապահական հաստատութիւն կարող է մինակը փոխարինել մարդկային սիրտն ու կարեկցութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի հոկտեմբեր մէկին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներու Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց քահանայապետական կեանքի ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած «Առողջապահութեան կառավարման ոլորտի մէջ բարոյականութեան հայող Դ գիտաժողովի» մասնակիցները։

Անոնց արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար ակնարկեց առողջապահութեան աշխարհին որ կ՛ապրի տնտեսական տագնապով յատկանշուած շրջան մը՝ յատկապէս Լատին Ամերիկայի մէջ, ըսաւ Ան, ու ասկէ մեկնելով առաջարկեց երեք բառեր՝ հրաշք, խնամք եւ վստահութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ մարդկային արժանապատուութեան վրայ ու բոլորին խնամք երաշխաւորելու  իրաւունքին վրայ, այս ժամանակաշրջանի ընթացքին որ «կարիքը ունի հանրայինի եւ սեփական կառոյցներու միասնական ներդրումին»։

Հրաշքը ըսաւ Քահանայապետը այն է հիւանդ անձին մէջ տեսնել եղբայր մը։ Մենք կանչուած ենք անոր մէջ տեսնելու մարդկային արժանապատուութիւնը, տեսնելու Աստուծոյ զաւակը։

«Այս աշխատանքին ոգեշնչող սկզբունքը պէտք է ըլլայ բարիի փնտռտուքը ու այս մէկը վերացական իրականութիւն մը չէ այլ շօշափելի անձ մըն է՝ որ ունի դիմագիծ մը եւ որ յաճախ կը տառապի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց երկրորդ բառին՝ «խնամք», հաստատելով թէ Լատիներէնի մէջ «խնամել» բայը կը նշանակէ՝ մտահոգուիլ, ուշադիր ըլլալ, պատասխանատուութեամբ շարժիլ եղբօր նկատմամբ եւ յորդորեց այդ մէկը կատարել գործնականին մէջ, ակնարկելով նաեւ «հեշտամահին» ու անոր օրինականացումի փորձերուն, այս ուղղութեամբ հաստատելով թէ «երբ մարդ անհատը ինքզինք կը զգայ սիրուած, յարգուած եւ ընկալուած, հեշտամահի բացասական ստուերը կ՛անհետանայ կամ գրեթէ գոյութիւն չունենար, որովհետեւ «այդ անձի արժէքը կը չափուի անոր սէր ստանալու ու փոխանցելու ունակութենէն եւ ոչ թէ անոր արտադրութենէն»։

Երրորդ բառը վստահութիւնն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով հիւանդին ինքնավստահութեան, բուժուելու եւ առողջանալու կարելիութեան վստահութեան,  ապա առողջապահական գործիչին ներշնչած վստահութեան,  որ հիմնուած ըլլալու է կարեկցութեան ու ընկերութեան կարիքներու համապատասխանելու համակարգի մը վրայ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ յաճախ դժուար է մեր կեանքը վստահիլ մարդու մը, ու այս ծիրէն  ներս ընդգծեց հիւանդ-բժիշկ՝ պատասխանատուութեան ու հաւատարմութեան վրայ հիմնուած կապի կարեւորութիւնը, «թէեւ, այսօրուայ առողջապահական համակարգի բարդութիւնը հիմնուած է «պայմանագիրերու» վրայ որոնք կը խզեն այդ վստահութիւնը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրելով ներկաները շարունակելու իրենց պայքարը  մարդկայնութեան խոր կապերու անձեռնմխելիութեան պահպանումին համար, որովհետեւ «ոչ մէկ առողջապահական հաստատութիւն կարող է փոխարինել մարդկային սիրտն ու կարեկցութիւնը»  յարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները յառաջ տանելու իրենց յանձնուած պարտականութիւնը՝ հիւանդներուն  ու անոնց ընտանիքներուն տանելով անոնց պակսող յոյսն ու ուրախութիւնը։

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնելով բոլորը՝ հիւանդներն ու առողջապահական գործիչները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2018, 11:28