Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոսին։

Սիւնհոդոս կը նշանակէ քալել, շարժիլ, միասին քալել, համաձայնիլ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առ ի պատրաստութիւն Ամենասուրբ Երրորդութեան նուիրուած՝  Պուէնըս Այրէսի Աւագ Թեմին 4-րդ դարադարձի յոբելեանին որ պիտի տօնախմբուի 2020 թուականին,  2017-2019 տարեշրջաններուն կազմակերպուած է «միասին քալենք» բնաբանով աւագ թեմին առաջին սիւնհոդոսը՝ Պուէնըս Այրէսի  Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Մարքօ Աուրելիօ Փոլիի նախաձեռնութեամբ,  որուն ծիրէն ներս շաբաթ 27 հոկտեմբեր 2018-ին Պուէնըս Այրէսի «Լունա Փարքի» մօտ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով  Կարդինալ Փոլիի խնդրանքին լսատեսողական պատգամ մը յղեց ժողովականներուն, որուն մէջ վստահեցուց  թէ ինք հեռուէն կը հետեւի սիւնհոդոսական աշխատանքներուն, ու գնահատեց մինչեւ օրս տարուած աշխատանքը, ապա ակնարկելով Կարդինալ Փոլիի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն տուած այցելութիւններուն հաստատեց թէ Սիւնհոդոսը կը նշանակէ քալել, շարժիլ, միասին քալել, համաձայնիլ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Միասին քալելու ընթացքին իրար կը ճանչնանք

«Քալելու ժամանակ  կը հանդիպիս մէկու մը ու կը խօսիս անոր հետ կ՛ունկնդրէս զայն. ապա կը խորհրդածես» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ այդ ուղեւորութեան ընթացքին ամենադժուարը ունկնդրելն է, այս ծիրէն ներս շեշտը դնելով «ականջի առաքելութեան վրայ» մտիկ ընել ուրիշին։

 Կղերապաշտութիւնը, աշխարհիկութիւնն ու շատախօսութիւնը՝ երեք վտանգներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց երեք դժուարութիւններու որոնց պէտք է խնամք տարուի սիւնհոդոսական ուղեւորութեան ընթացքին, որոնցմէ առաջինը համարեց՝ կղերապաշտութիւնը։ Սիւնհոդոսականութեան մէջ քալել կը նշանակէ  միասին քալել։ Ամէնքս Աստուծոյ ժողովուրդը կը կազմենք ու տխուր է ակնատէս ըլլալ հաւատացեալներու որոնք միայն մտիկ կ՛ընեն քահանային ըսածներուն։ «Քահանան կը դադրի հայր ըլլալէ ու կը դառնայ բռնատէր» ըսաւ Քահանայապետը  հարց տալով «Ձեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ հովուական խորհուրդ կազմուա՞ծ է։ Տնտեսական խորհուրդ գոյութիւն ուն՞ի։ Ո՞չ։ Ամէն ինչ Քահանան կը կատարէ։ Ասիկա կղերապաշտութիւն է» հաստատեց Ֆրանչիսկս Պապ զգուշացնելով ու հրաւիրելով պաշտպանուիլ այդ երեւոյթէն։ «Երկրորդը աշխարհի հոգին է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Աւետարանը ապրիլ աշխարհական սկզբունքներով։ Ուշադիր եղէք։ Աւետարանը ապրուելու է Աւետարանական հոգիով թելադրեց  Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ աշխարհիկ հոգին ամէն տեղ կը մխրճուի ուստի պէտք է միշտ զգոյշ ըլլալ եւ զգոյշ ըլլալ նաեւ «գաղափարական գաղութատիրութիւններէն»։

Մինչ երրորդը՝ որ կը տկարացնէ համայն հասարակութիւնը «շաղակրատութիւնն է»։ Զգոյշ եղէք շատախօսութիւններէն, ձեր լեզուն խածէք նախ քան ուրիշը զրպարտէք կամ նախատէք յանձնարարեց Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով որ այս սիւնհոդոսական ընթացքի ժամանակ իւրաքանչիւրը ջանք թափէ խուսափելու համար ուրիշը նուաստացնող խօսքերէ։

«Երեք վտանգներ ուրեմն կղերապաշտութիւն, աշխարհիկութիւն ու շատախօսութիւն» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը մատնանշելով հուսկ դրական երեւոյթներու։

Երանութիւններու հոգին ու աղօթք

Սիւնհոդոսական ուղեւորութեան ընթացքին մուտք գործեցէք երանութիւններու հոգիին մէջ։ Մատթէոսի Աւետարանը առէք ու կարդացէք զանոնք։ Անոնք անտարակուսելի փաստեր ու վստահութիւններ են ու եթէ սիւնհոդոսը քալէ այդ երանութիւններու հիման վրայ՝ չի ձախողիր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով այլ ապահովութեան մը որ է եղբայրսիրութեան գործերը՝ սէրը, այս ծիրէն ներս թելադրելով կարդալ Մատթէոսի 25-րդ գլուխը ու այս բոլորին վրայ աւելցնելով աղօթքը, որ է՝ ըսաւ Քահանայապետը, ամենակարեւորը։

«Միշտ աղօթեցէք այնպէս ինչպէս Յիսուս սորվեցուց մեզի։ Աղօթեցէք մէկը միւսին համար, անոնց համար որոնք ուղեւորութեան մէջ են ու անոնց որոնք կ՛ուզեն քալել, անոնց համար որոնք հեռու են, սխալ քայլերով կ՛ընթանան, եկեղեցւոյ համար, արքեպիսկոպոսին համար։ Աղօթքի հոգիով սիւնհոդոսը յաղթական է։ Աստուած ձեզ օրհնէ ու մինչ կ՛աղօթէք աղօթեցէք նաեւ ինծի համար։ Շնորհակալութիւն ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով լսատեսողական պատգամը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2018, 21:00