Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ընտրութեան օրը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ընտրութեան օրը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յովհաննէս Պօղոս Բ անջնջելի հետք մը թողուց եկեղեցւոյ մէջ»

Այսօր կը յիշատակուի երջանկայիշատակ սուրբ Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսին յաջորդ ընտրուելուն 40 ամեակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կը յիշատակուի Քարոլ Վոյթիլա - Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ սուրբ Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսին յաջորդ ընտրուելուն 40 ամեակը։ Այս առթիւ Անցեալ 13 հոկտեմբերին Իտալիոյ Ալպա թեմը կազմակերպած էր Սուրբ Քահանայապետին նուիրուած գիտաժողով մը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղեց տեղւոյն եպիսկոպոս գերապայծառ Մարքօ Պրունեթիին որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով Թեմին կազմակերպած ձեռնարկին համար հաստատեց թէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը անջնջելի հետք մը թողուց Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ»։ Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթանք յայտնեց որ այդ ձեռնարկը «հրահրէ իղձը աւելիով նուիրուելու առաքելութեան ի սպաս Աւետարանի ծառայութեան» հուսկ հանդիսանայ քաջալերանք, յատկապէս երիտասարդներուն, իրենց դռները բանալու Քրիստոսին՝ ի նպաստ խաղաղութեան, եղբայրութեան ու զօրակցութեան յանձնառումի մը։

ՅՊԲ ընտրութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2018, 08:27