Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասրադներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասրադներուն հետ 

Երազներ, արժէքներ, վկայութիւններ. Քահանայապետը երկխօսութեան մէջ երիտասարդներուն ու տարեցներուն հետ։

«Մնացորդացի Մշակոյթի ու սերունդներու միջեւ անդունդի ստեղծման դէմ պատասխանը՝ երկխօսութիւնն է ընդմէջ երիտասարդներուն ու տարեցներուն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մնացորդացի Մշակոյթի  ու սերունդներու միջեւ անդունդի ստեղծման դիմաց պատասխանը՝ երկխօսութիւնն է ընդմէջ երիտասարդներուն ու տարեցներուն»։ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն ներշնչումէն մեկնելով է որ ծնունդ առաւ «Ժամանակի իմաստութիւնը բաժնեկցիր» ծրագիրը որուն ներկայացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի 23 հոկտեմբերի 2018-ի յետմիջօրէին Հռոմի Աուկուստինիանում հաստատութեան մօտ, մինչ Վատիկանի մէջ երիտասարդներու հայող սիւնհոդոսը իր աւարտական նիստերը կը գումարէ։

Հանդիպումին բացումը կատարեց յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքը հիւրընկալով քաղաք՝ Փանամայի Արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթան՝ որուն յաջորդեց Յիսուսեան Միաբանութեան Չիվիլթա Քաթթոլիքա պարբերաթերթի տնօրէնը՝ Հայր Անթոնիօ Սփատարոն որ ծրագրին ներկայացումը կատարեց ու ներկայացուց նաեւ ծրագրին ծիրէն ներս լոյս տեսած գիրքը՝ որուն մէջ պարունակուած են 30 երկրիներէ տարեցներու հետ 250 հարցազրոյցներ որոնց մեկնաբանութիւնը կատարած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ «Համերգային պատմութիւն մը ուր տարեցները կը խօսին երիտասարդներուն հետ շօշափելով գոյութեան կարեւոր թեմաներ որոնց շարքին՝ աշխատանքի կարեւորութիւնը, պայքարելու կարողութիւնը, սէրը, մահը, յոյսը։

Վերոնշեալ ներկայացումներէն ետք հաւաքին ներկայ գտնուող տարեցներէն ու երիտասարդներէն վեց հոգիներ հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբութեան որոնցմէ առաջինը հանդիսացաւ  իտալացի ուսուցչուհի մը, որ թողելով իր աշխատանքը նուիրուած է կամաւորական աշխատանքի։ Անոր Սրբազան Քահանայապետին ուղղած հարցումը եղաւ «ի՞նչպէս երիտասարդները այսօր կարող են  ապրիլ իսկական ու ճշմարիտ կապեր, երբ իրենց շուրջ ամէն ինչ կեղծ ու շինծու կը թուի«։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանելով հարցումին ի մէջ այլոց հաստատեց թէ զգացումները ոչնչացնող սոյն մշակոյթին դէմ հարկաւոր է ծառայութիւնը։ Որովհետեւ այն որ «ձեռքերը կ՛աղտոտէ» ծառայութեան մէջ հասունութեան ուղիով կ՛ընթանայ իսկ այն որ անշարժ կը մնայ ոչ մէկ քայլ կ՛ընէ դէպի յառաջ։ Ծառայութիւնը կարեւոր է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց այլ կարեւոր բարի մը՝ արկածախնդրութիւն։ Եթէ մէկը արկածախնդիր չէ կեանքին մէջ երբեք չի հասուննար ու երբեք կարող չէ մարգարէանալու, ան կ՛ապրի միայն ապահով ըլլալու խաբկանքի մէջ։

Մալթայէն ժամանած զոյգի մը հարցումին պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հաւատքի փոխանցումին, յորդորելով այդ մէկը ընել «ընտանեկան բարբառով» ու այս ծիրէն ներս յիշելով թէ ինչպէս մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը դժուար պահեր ապրեցան անցեալ դարուն մէջ, ցեղասպան բռնատիրութիւններու ընթացքին, ու հակառակ անոնց իրենց զաւակներն ու թոռնիկները մկրտեցին ու անոնց սորվեցուցին նաեւ աղօթել։

Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերը՝  թէ հաւատքը կ՛աճի վկայութիւններուն շնորհիւ ու հրաւիրեց երիտասարդներուն նուիրել քնքշութեան վկայութիւնը։ «Սէր ու քնքշութիւն կը յորդորեմ վկայութեան մէջ»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ այդ երկու յատկութիւններուն աւելնցելով նաեւ աղօթքը։

Երեսուն ամեայ Ամերիկացի մէկ կնոջ՝ ապագայի կառուցումին մասին  հարցումին պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը յորդորեց երազել։ «Սկսիր երազել անվախ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որովհետեւ եթէ դուն ունիս երազ մը՝ կը պաշտպանէս զայն ամէն քնով, «այս կը նշանակէ բացուիլ հորիզոններուն ու խոյս տալ փակումներէն, որովհետեւ անոնք հորիզոններ չունին մինչ երազը այո» յարեց Սրբազան Հայրը այս ուղղութեամբ հրաւիրելով երիտասարդները իրենց ուսերուն վրայ առնելու տարեցներուն երազները։ «Անոնք քեզի կը պատմեն իրենց կեանքը, կը պատմեն իրենց սխալները, ձախողութիւններն ու յաջողութիւնները. Առ այդ  կեանքի փորձառութիւնը եւ յառաջ ընթացիր» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այդ մէկը կը դառնայ մեկնակէտ ու հասունութեան ճանապարհ։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա գաղթականութեան երեւոյթի մասին ուղղուած հարցումի մը որմէ մեկնելով մատնանշեց առաջին աշխարհամարտի պատմութիւններուն ու այս առումով կարեւոր նկատեց որ երիտասարդները իմանան անցեալ դարու երկու համաշխարհային պատերազմներուն արդիւնքներու մասին ու զանոնք որպէս կեանքի ուսուցում ընդունին,  «որովհետեւ այս մէկը գանձ մըն է որ խիղճ կը ստեղծէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց ատելութեան հետեւանքներուն, հուսկ նշեց թէ կառավարութիւնները պէտք է ունենան բաց սիրտ մը՝ ընկալելու համար գաղթականները, պատշաճ կառոյցներ ներառումը ապահովեցնելու համար, ապա խոհեմութեան հոգի՝ հասկնալու իրենց կարողութիւնները։ «Ասոր համար հարկաւոր է որ համայն Եւրոպան համաձայն գտնուի այս հարցին շուրջ» ըսաւ Սրբազան Պապը, նշելով թէ հակառակ պարագային այդ հարցին բեռը պիտի մնայ միայն Իտալիայի,  Յունաստանի,  Սպանիայի եւ Կիպրոսի վրայ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց պատկանելիութեան կարեւորութեան «որուն հիման վրայ տարեցներուն մէջ մենք կը գտնենք արմատները» ըսաւ Քահանայապետը խոր ցաւ յայտնելով ի տես բազմաթիւ երիտասարդներուն որոնք հեռու ու անջատուած կ՛ապրին այդ արմատներէն՝ որոնք անոնց կը պարգեւեն պատկանելիութիւնը։

Նորին Սրբութեան վերջին հարցումը ուղղեց Ամերիկացի աշխարհածանօթ բեմադիր՝ Մարթին Սքորցեզէն որ Քահանայապետին հարցուց  թէ ինչպէս կարելի է որ հաւատքը ապրի երիտասարդի մը սրտին մէջ հակառակ չարին։ Հարցումէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց մարդկային արժանապատուութեան դէմ կիրակուած բռնութիւնները ու այդ բռնութիւններու դիմաց թելադրեց «արցունքներու շնորհքը» որ ըսաւ Ան՝ սիրտը կը բանայ։ Կարեկցութիւն, մօտիկութիւն, քնքշութիւն՝ առաքինութիւններն են որոնք կարող են փոխակերպել «դժուար հակամարտութիւններ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 09:00