Որոնել

Կարդինալ Վուերլ Կարդինալ Վուերլ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կարդինալ Վուերլի հրաժարականը։

Կարդինալ Վուերլի հրաժարականը ընդունելով Սրբազան Պապը անորմէ կը խնդրէ շարունակել կառավարել աւագ թեմը որպէս «առաքելական հոգաբարձու»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 13 հոկտեմբերին ընդունեց Ուաշինկթընի աւագ թեմին Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Տոնալտ Վուերլի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ նամակ մը յղեց Ծիրանաւորին որուն մէջ ներկայացուցած հրաժարականը նկատեց «Հովիւի մը սիրտը որ կը նայի համայն Եկեղեցւոյ բարիքին, հակառակ բոլոր բաժանումներուն որ ստախօսութեան հայրը՝ սատանան կ՛ուզէ սերմանել»։

Կարդինալ Վուերլի հրաժարականը ընդունելով Սրբազան Քահանայապետը անորմէ կը խնդրէ շարունակել կառավարել աւագ թեմը որպէս «առաքելական հոգաբարձու» մինչեւ անոր յաջորդին անուանումը։

Իր կարգին Կարդինալ Վուերլը հրապարակեց նամակ մը որուն մէջ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին ապա ներողութիւն կը խնդրէ հաւանական սխալներու եւ դատումներու համար։ «Իմ հրաժարականս արտայայտութիւնն է իմ մեծ եւ յարատեւ սիրոյն ձեզի՝ Ուաշինկթընի Եկեղեցւոյ ժողովուրդ» գրած է Կարդինալ Վուերլը իր նամակին մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2018, 08:00