Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 հոկտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Երիտասարդներուն սիւնհոդոսը տուաւ «լաւ բերք» մը ու համեղ գինի կը խոստանայ» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով սիւնհոդոսի ընթացքին որդեգրուած «մեթոտի»ն վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մաերմեան աղօթքը՝ որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ խօսեցաւ երիտասարդներուն նուիրուած ու հազիւ աւարտած սիւնհոդոսի մասին, որուն եզրափակիչ սուրբ պատարագը մատուցուեցաւ Մարեմեան աղօթքէն առաջ։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ Խօսքը յոյսի եւ մխիթարութեան Խօսք

Ակնարկելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն  Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Երեմիայ Մարգարէէն քաղուած ընթերցումը (31,7-9) յոյսի խօսք մըն է զոր Աստուած կը պարգեւէ ժողովուրդին։ Մխիթարութեան խօսք մը՝ հիմնուած այն իրողութեան վրայ որ Աստուած Հայր է՝ ու կը սիրէ եւ խնամք կը տանի  իր ժողովուրդին՝ որպէս զաւակ մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Աստուծոյ այս խօսքը լաւապէս կ՛արտայայտէ փորձառութիւնը որ ապրեցանք սիւնհոդոսի շաբաթներու ընթացքին որ եղաւ յոյսի ու մխիթարութեան ժամանակ» յարեց Նորին Սրբութիւնը շեշտը դնելով յատկապէս «ունկնդրութեան» պահի վրայ, որ՝ ըսաւ Ան, կը պահանջէ ժամանակ, ուշադրութիւն ու մտքի եւ սրտի բացուածք»։

Սիւնոհոդը՝ միասին ընթանալ

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա սիւնհոդոսին մասնակցող հայրերուն որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը ու մարդկային եւ ընկերային տարբեր մշակոյթները, նշելով թէ Աստուծոյ Խօսքին ու Սուրբ Հոգւոյն լոյսին տակ տեղի ունեցաւ  «հասարակական զատորոշում» մը ու թէ այդ եղաւ Տիրոջ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրած  ամենագեղեցիկ պարգեւներէն մին։

Այս օրերուն մենք բանակցեցանք թէ ինչպէս կարելի է միասին քալել բազմաթիւ մարտահրաւէրներու ընդմէջէն, ինչպէս է թուային աշխարհը, գաղթականութեան երեւոյթը, սեռի ու մարմնի իմաստը, պատերազմներուն ու բռնութիւններու ողբերգութիւնը։

Երիտասարդներուն սիւնհոդոսը տուաւ  «լաւ բերք» մը

«Այդ աշխատանքին պատողները սկսան հասուննալ։ Երիտասարդներուն սիւնհոդոսը տուաւ  «լաւ բերք» մը ու համեղ գինի կը խոստանայ» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով սիւնհոդոսի ընթացքին որդեգրուած «մեթոտի»ն վրայ որուն նպատակը ոչ թէ «փաստաթուղթի» մը շարադրութիւնն էր, որ արժէքաւոր ու օգտակար է, այլ միասին աշխատելու գործելակերպը՝ երիտասարդներ եւ տարեցներ միասին, ունկնդրելով ու զատորոշելով, հասնելու համար հովուական որոշումներու եւ ընտրանքներու, որոնք  համապատասխանն են իրականութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին Բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ անվախ յառաջ տանելու ապրուած փորձարարութիւնը։ «Սուրբ Հոգին թող աճեցնէ մեր աշխատանքին պտուղները, որպէսզի շարունակենք համայն աշխարհին մէջ քալել երիտասարդներուն հետ միասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը խուժած հաւատացեալներուն, իր մօտիկութիւնը յայտնելով Միացեալ Նահանգներու Փիդզպուրկի հրեայ հասարակութեան,  որ երէկ թիրախ դարձաւ ահաբեկչական արարքի մը, ու կոչ ուղղեց որ յարգուի կեանքը, քաղաքացիական ու բարոյական արժէքները։

Ողջոյնի խօսքեր

Քահանայապետը յիշեց ապա  Կուաթեմալայի մէջ երէկ Երանելի հռչակուած Խօսէ Թուլլիօ Մարուցցոն եւ Լուիս Ապտուլիօ Արրոյօ Նավարրոն որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար ըսաւ Քահանայապետը անոնց հովանիին յանձնելով Կուաթեմալայի եկեղեցին ու բոլոր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք այսօր աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ տակաւին հալածուած են, որովհետեւ վկաներն են Աւետարանին։

Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկէն ողջունեց Փերուի ու Վենեզուելլայի հաւատացեալները ու  հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2018, 12:13